Արցախի հարցով համաձայնութեան գալու կարելիութիւն կար 2018-ին, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը փոխուեցաւ. այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութենէն հաւաստիացումներ ստացանք, որ տարածքները պիտի վերադարձուին: Այս մասին Պաքուի համաշխարհային համախմբումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Կարելի՞ էր խուսափիլ ռազմական լուծումէն: Այո՛, եւ երէկ մենք այս հարցը լայնօրէն քննարկած ենք խորհուրդի անդամներու հետ: Եւ ես քիչ մը բարձրացուցի վարագոյրը` անոնց որոշ մանրամասնութիւններ յայտնելով: Համաձայնութեան կարելիութիւն կար 2018-ին, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն փոխուեցաւ. այն ժամանակ Հայաստանի նոր կառավարութենէն հաւաստիացումներ ստացանք, որ միջազգային օրէնքին համաձայն պիտի վարուին, եւ տարածքները պիտի վերադարձուին: Նման ակնկալութիւններ ունէինք: Եթէ այն ժամանակ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը նախընտրէր վարուիլ այնպէս, ինչպէս հիմա, ապա մեր գերիշխանութեան հարկադիր վերականգնման կարիքը չէր ըլլար», ըսած է Ալիեւ:
Անոր պնդումով` 2019 թուականին Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը բացարձակապէս անընդունելի առաջարկներ ներկայացուցած է, օրինակ` պահանջած է, որ Ազրպէյճանը բանակցի «անջատողականներու» (Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, «Ա.») հետ: Ըստ Ալիեւի, Հայաստանը չէր պատրաստուեր տարածքներէն ոչ մէկ թիզ վերադարձնելու:
«Աւելի՛ն, Հայաստանի վարչապետի յայտնի կարգախօսը, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է» (Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ, «Ա.»), նախ միջազգային օրէնքի բացարձակ խախտում է, երկրորդ` չափազանց յաւակնոտ երկրի մը համար, որ կը կարծէր, որ կրնայ յաւերժ պահել մեր հողերը», ըսած է Ալիեւ:
Ալիեւ. «Հարաւային Կովկասի Առաջնորդութեան
Համար Ազրպէյճան–Ֆրանսա Պայքար»
Ալիեւ նաեւ յայտնած է. «Ազրպէյճան Հայաստանին խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու հրաւիրելով, փաստացի սկսած է ստեղծել այնպիսի միութիւն, որ բնաւ հաճելի չէ Ֆրանսային, որ կ՛ուզէ այս շրջանը պահել իր վերահսկողութեան տակ: Այստեղէն ալ Ֆրանսայի կողմնակալութիւնը ազրպէյճանական ամէն ինչի, նոյնիսկ արուեստի յուշարձաններու նկատմամբ»:
«Այսինքն` այսօր Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ղեկավարութեան համար փաստացի պայքար տեղի կ՛ունենայ, ինչ որ անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ այն ճշմարտութիւնը, որ դարձած է բացայայտ ճշմարտութիւն, որ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք մեր երկիրը վերածուած է համաշխարհային աշխարհաքաղաքականութեան քաղաքական դերակատարի», ըսած է Ալիեւ:


