Հնդկաստանը ռազմավարական նշանակութեան արտածումները կատարելու նպատակով դէպի Հայաստան օդային միջանցք կը ստեղծէ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հնդկաստանի պաշտպանական եւ ռազմավարական նորութիւններու եւ վերլուծութիւններու կայքերէն ԻԱՏՆ-ը:
Կը հաղորդուի, որ «ՀԱԼ անտ ՔՈՆՔՈՐ»-ը այս նպատակով ստեղծած է ՀԱԼՔՈՆ միացեալ աշխատանքային խումբը:
«Ասիկա պիտի զօրացնէ Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գումակային աշխատանքը», նշուած է գրառումին մէջ: