26- 27 փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ պիտի գտնուի Ժընեւի մէջ:
Նախարար Միրզոյեան ելոյթով հանդէս պիտի գայ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նիստի եւ Զինաթափման համաժողովի բարձրաստիճան ամպիոններէն:
Տեղի պիտի ունենան նաեւ հանդիպումներ բարձրաստիճան գործընկերներու հետ, կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: