«Մեր շրջանին մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու փոխարէն աւելի լաւ է օգնել խաղաղութեան հաստատման», «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Լէյլա Ապտուլլայեւան` արձագանգելով ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած «Պաքուի կողմէ Ֆրանսան վարկաբեկելու նպատակով լայնածաւալ յարձակում» խորագիրով յօդուածին:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ապտուլլայեւան գրած է. «Դուք կը շարունակէք գործել այնպէս, կարծէք չէք գիտեր, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի մէկ մաս է: Շրջանին մէջ երկար ժամանակ ետք առաջին անգամ կարելի է արդար եւ կայուն խաղաղութիւն: Աշխարհին ճշմարտութիւն պէտք է, ոչ թէ կեղծ պատմութիւններ», գրած է Ապտուլլայեւա:
«Լը Ֆիկարօ»-ն գրած է, որ Ազրպէյճանը` մենատէր Իլհամ Ալիեւի գլխաւորութեամբ, կը մեծցնէ իր տեղեկատուական նենգափոխումները` վարկաբեկելու Փարիզի հեղինակութիւնը, զոր ան չի կրնար ընդունիլ, որովհետեւ Ֆրանսան հայերուն կ՛աջակցի:
«Լը Ֆիկարօ»-ն ընդգծած է, որ Պաքուն վհուկներու որս սկսած է Ֆրանսայի դէմ` յիշեցնելով Պաքուի մէջ լրտեսութեան կասկածով ֆրանսացի գործարար Մարթին Ռայանի կալանքը: Ֆրանսան «կամայական» որակած է Ռայանի կալանքը, ի պատասխան` Պաքուն Փարիզը մեղադրած է Ազրպէյճանի ներքին գործերուն խառնուելու մէջ եւ կոչ ուղղած` դադրեցնելու այդ քայլերը:
Փարիզի եւ Պաքուի միջեւ դիւանագիտական լարուածութիւնը անցեալ ամիս սրած էր, երբ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները երկրէն արտաքսեցին երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ: Ֆրանսան, ի պատասխան, իր կարգին արտաքսեց ազրպէյճանական դեսպանատան երկու աշխատակիցներ: