Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Բանակցութիւնները

January 9, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարն ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իրենց հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներուն:

Էնթընի Պլինքընն ու Հաքան Ֆիտանը, ըստ այդ հրապարակումներուն, խօսած են նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի առնչուած հարցերու մասին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Պլինքըն եւ Ֆիտան շարունակած են քննարկումները Կազայի մէջ պատերազմի վերաբերեալ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է տագնապներու տարածումը կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը, պաղեստինցի խաղաղ բնակիչներու համար մարդասիրական օգնութեան յաւելման կարեւորութիւնը եւ բոլոր կողմերու պատասխանատուութիւնը` գծելու յառաջընթաց ուղի, որ պիտի բերէ կայուն անվտանգութեան:

Անոնք նաեւ քննարկած են` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ դաշնակիցներ, հասարակաց առաջնահերթութիւնները, եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումի վաւերացման վերջնական քայլերու աւարտի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներու եւ արտածման վերահսկողութենէն խուսափելու դէմ պայքարը:

Պլինքըն-Էրտողան Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Պոլսոյ մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Անոնք խօսած են Կազայի տագնապին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պլինքըն ընդգծած է տագնապներու տարածումը կանխելու, պատանդներու ազատ արձակման, մարդասիրական օգնութեան ընդլայնման եւ քաղաքային զոհերու թիւի նուազեցման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատելու դէպի աւելի լայն, կայուն շրջանային խաղաղութիւն, որ պիտի ապահովէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը եւ պիտի նպաստէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման:

Պլինքըն եւ Էրտողան նաեւ քննարկած են եւրոպական անվտանգութեան առաջնահերթութիւնները, ներառեալ Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հոլովոյթի աւարտը եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու ամրապնդումը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին աւելցուցած է, որ մտադիր է յառաջիկայ օրերուն շարունակել բանակցութիւնները շրջանին մէջ դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ` ուսումնասիրելու հետագայ քայլերը, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ տագնապը թուլացնելու համար:

 

 

Նախորդը

Քենաանի. «Իրան Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութեան Վերաբերեալ Յստակ Դիրքորոշում Ունի»

Յաջորդը

Ցաւակցագիր

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.