Քեւըն Տը Պրունյը խոստովանեցաւ, որ սրունքին ետեւի մկանը աւելի եւս պատռեց, երբ խաղաց «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումին` Մանչեսթըր Սիթիի հետ:
Պելճիքացի միջնապահը կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լաւապէս դարմանուած չէր աւարտականին, բայց խաղցաւ… պատճառելով աւելի բարդութիւններ: Ան այս տարեշրջանին սկիզբէն ու առաջին մրցումէն արդէն վիրաւորուեցաւ, տակաւին ելոյթ չունեցաւ եւ լաւապէս բուժման ընթացքին մէջ է:
Իր դարմանումը լաւ ընթացքի մէջ է, բայց այս անգամ պէտք չէ աճապարէ, որպէսզի նոյն բարդութիւններուն առջեւ չգտնուի: Յառաջիկայ շաբաթ պիտի մասնակցի քննութիւններու, որոնց ընթացքին կը յստականայ բուժումի վիճակը եւ նոյնիսկ դաշտ վերադառնալու թուականը:
Շատ կարեւոր է 100 տոկոսով ապաքինիլը: Մկանային շատ պատռուածքներ կային:
«Այդ մկանները կրնային պատռուիլ որեւէ ժամանակ: «Թուղթի վրայ կը նմանէր խոհանոցի թաց անձեռոցի, 700 մրցումներ դիմանալէ ետք լաւ «նորոգութիւն» կ՛ուզէր, ինչպէս կը պատահի ինքնաշարժի պարագային», ըսաւ Տը Պրունյը:
«2 տարի կը չարչարուէի, բայց ձեւով մը զսպեցի ինքզինքս, եւ ակումբին հետ միասին կարողացանք յաջողցնել ամէն ինչ: Շատ պրկուած էի այդ աւարտականին եւ ինքզինքս ճնշումի տակ կը զգայի: Որովհետեւ այդ բոլոր շարժումներուն պատճառով է, որ պատռուածքը աւելի մեծցաւ… բայց կ՛արժէր», աւելցուց ան:
Միթիի համակիրները այս վերջին նախադասութիւնը պիտի սիրեն, նոյնիսկ եթէ այդ պատճառով 33 միլիոն փաունտ արժող խաղցողին ելոյթներէն «զրկուեցան» այս եղանակին:
Տը Պրունյը, որ Սէուտական Արաբիայէն հետաքրքրութիւն ստեղծած է, աւելցուց, թէ մինչեւ օրս վերադարձի մասին բան չի կրնար հաստատել, բայց հաւանական է, որ Նոր տարի չհասած վերադառնայ կանաչ դաշտեր: