
Երէկ սկսաւ Վիեննայի թենիսի տղոց մրցաշարքը, ուր թիւ 8 դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանով 6-4, 6-4 արդիւնքով քիչ մը դժուար յաղթանակով սկսաւ ռուս Ռոման Սաֆիուլինի դէմ մրցումին:
Կարէն Խաչանով 6 էյս կատարեց եւ 2 պրէյք փոյնթեր կատարելով կրցաւ պարտութեան մատնել Սաֆիուլինը:
Յաջորդ հանգրուանին, Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ չեխ Ժիլի Լեհեչքան, որ նոյնպէս դժուար յաղթանակ մը (6-4, 6-4) տարաւ ամերիկացի Ճեֆրի Ճոն Ուոլֆի դէմ մրցումին:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին թիւ 1 դասուած է աշխարհի թիւն 3 թենիսմեն ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ այսօր կը կատարէ իր առաջին մրցումը:
Շաբաթավերջին Ճափոնի բաց մրցաշարքի աւարտականին Թոքիոյի մէջ ամերիկացի Պեն Շելթըն իր ասպարէզի առաջին տիտղոսը շահեցաւ, երբ աւարտականին պարտութեան մատնեց վրացի թենիսմեն Ասլան Քարացեւը: Իր կարգին, Քարացեւի առաջին աւարտականի մրցումն էր ասիկա, Շելթըն կրցաւ 7-5, 6-1 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ:
21 տարեկան Շելթըն լաւ տարեշրջան մը կը բոլորէ եւ այս շաբաթ կը բարձրանայ 15-րդ դիրք: Շուէտի մէջ, Սթոքհոլմի բաց մրցաշարքի աւարտականին, Կայէլ Մոնֆիս պատմութիւն կերտեց, երբ 37 տարեկան հասակին շահեցաւ այս մրցաշարքը` դառնալով ամէնէն «տարեց» ախոյեանը:
Մոնֆիս աւարտականին 1 սէթով ետ մնալէ ետք ռուս Փաւել Քոթովի դէմ (4-6), կրցաւ 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով պատկերը յեղաշրջել ի նպաստ իրեն: Այժմ Մոնֆիս կը գրաւէ «Էյ. Թի. Փի.»-ի 89-րդ դիրքը:
Անթուերիի մէջ, Պելճիքա, Ալեքսանտր Պուպլիք 6-4, 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք ֆրանսացի թենիսմեն Արթիւր Ֆեսի, շահեցաւ իր ասպարէզի 3-րդ մրցաշարքը: Պուպլիք բարձրացաւ 30-րդ դիրք` «Էյ. Թի. Փի.»-ի դասաւորման մէջ:


