Սէուտական Արաբիոյ «փրօ լիկ»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Ֆաթեհ ակումբի հայազգի յառաջապահ Լուքաս Զելարայեան նշանակեց կոլ մը, եւ կատարեց կոլի մը փոխանցումը (էսիսթ):
Զելարայեան, որ 31 յուլիսին միացաւ սէուտական կազմին, լքելով Միացեալ Նահանգներու ախոյեան Քոլոմպուս Քրուն` մօտ 8 միլիոն տոլարի, 10 մրցումի ընթացքին իր 3-րդ կոլը նշանակեց:
Արժանթինի մէջ ծնած Լուքաս Քոլոմպուսի հետ 38 կոլ նշանակած էր 97 մրցումներու ընթացքին եւ 2021-ին հրաւիրուած Հայաստանի ազգային խումբ: