Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ որոշում մը հրապարակեց յետաձգելու Լիբանանի Ա. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը 1 շաբաթով, եւ փոխան 18-ի` 25 հոկտեմբերին սկսելու, բարեփոխուած յայտագիրով, մանաւանդ որ Լիտըրզի խումբէն անկախ Տինամօ Պէյրութ ալ քաշուած էր մրցաշարքէն` Ա. դասակարգի խումբերուն թիւը 10-ի նուազեցնելով: