Քանի մը ամիս առաջ աւելի տաք էր նիւթը` Ճէյմս Հարտընի փոխանցման գծով, մանաւանդ որ առնուազն 4 խումբեր կ՛ուզէին միացնել նախկին «Էմ. Վի. Փի.»-ն (լաւագոյն մարզիկը):
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի վիճակը նախանձելի չէ, մանաւանդ որ Հարտըն սկսաւ փորձերէ ալ բացակայիլ: Կ՛ամ պէտք է համոզել Հարտընը` խաղալու, կա՛մ ալ իր արժէքէն պակաս գինով փոխանցել այլ խումբ: Բայց այս մէկը շատ հաւանական չէ, մանաւանդ որ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ կ՛ուզէ զօրաւոր խումբով թեկնածու ըլլալ` տիտղոսը շահելու:
Հարտըն, որ 35,6 միլիոն տոլար պիտի գանձէ 2023-2024 տարեշրջանին, կ՛ուզէ միայն միանալ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ խումբին: Հարտըն վերջերս 76-ըրզի պասքեթպոլի գործերու պատասխանատու Տերիլ Մորը կոչած էր «ստախօս» եւ ան (Հարտըն) չ՛ուզեր մասնակցիլ կազմակերպութեան մը, որուն անդամ է նոյնինքն` Մորի: «Էն. Պի. Էյ.» Հարտընը տուգանքի ենթարկեց (100 հազար տոլար) բացայայտօրէն յայտարարելով իր կարծիքը` չխաղալ ակումբի մը հետ, որուն հետ ստորագրութիւնը ի զօրու է տակաւին:
Յիշեցնենք, որ Հարտըն 10 փետրուար 2022-ին լքած էր Պրուքլին Նեթսը` միանալով Ֆիլատելֆիայի, որուն հետ 79 մրցումներ կատարած էր` միջին հաշուով 21 կէտ, 10,6 էսիսթ եւ 6,4 ռիպաունտ ձեռք ձգելով: 10 անգամ ալ մասնակցած էր Օլ Սթարզ («Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերու տարեկան մրցում). Հարտընի խումբը 2 անգամ հասած էր արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի հանգրուան:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի նախապատրաստական մրցաշարքը (preseason) կը սկսի այսօր, մինչ բնական 78-րդ ախոյեանութիւնը կը սկսի 24 հոկտեմբերին:


