Պիելոռուսիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող ԱՊՀ-ի երկրորդ խաղերուն, Հայաստան տիրացաւ յաւելեալ երկու մետալներու:
Սամպոյի 79 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Պորիս Շատվերեան տիրացաւ ոսկի մետալին:
Իսկ քարաթէի 67 քկ դասակարգի մրցումներուն, Սուրէն Յարութիւնեան տիրացաւ արծաթ մետալին:
ԱՊՀ-ի երկրորդ խաղերուն Հայաստան, որ ներկայացուցիչներ ունէր կռփամարտի, ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի, ժիւտոյի, քարաթէի, աթլեթիզմի, լողարշաւի, պիչ-վոլիպոլի, սամպոյի, նետաձգութեան, նշանառութեան, մարմնամարզութեան եւ վոլիպոլի մրցումներուն, իր ելոյթները աւարտեց տիրանալով 8 մետալի:


