Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Յուլիս 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԷԶԵԱՆ

108 տարիներ անցան Հայոց ցեղասպանութեան թուականէն, եւ ամէն տարի միեւնոյն պատարագը, նոյն ցոյցերը եւ նոյն ճառերը կը շարունակուին…

Մեր զաւակները կ՛ողողեն հրապարակներ, եկեղեցիներ եւ դրօշակներ ծածանելով` կը բողոքեն թուրքին դէմ:

Բայց 108 տարիներէ ի վեր` ո՛չ մէկ փոփոխութիւն, ո՛չ մէկ յառաջխաղացք: Միայն կրցանք վառ պահել կրակը, որ մեզ կը տառապեցնէ եւ մեր պայքարը կենդանի կը պահէ:

7 տարիներ առաջ Պիէլի (Biel) մէջ ներկայացուցի 620 էջ բովանդակութեամբ գիրքս, որուն խորագիրն էր` «Les Vautours d՛Istanbul». գիրքը արդիւնքն էր 13 տարի արխիւներու մէջ կատարուած փնտռտուքներէն ի յայտ եկած իրականութիւններու:

Ուզեցի մանաւանդ մեր երիտասարդներուն տեղեկացնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտնաբերուած իրականութիւններ, որովհետեւ մեր դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ ցեղասպանութիւն (Génocide) կոչուածին մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: Եւ մեր Ցեղասպանութեան մասին ճշգրիտ պատմութիւն չունինք:

Շատ գիրքեր տպուեցան Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց բազմաթիւ հարցումներ կային, որոնց պատասխանը անյստակ էր… Գիրքս ջանաց շատ պարզ փաստել իրականութիւնները` միախառնելով` հայ ընտանիքի մը այդ օրերուն ապրած տառապանքը եւ իրական պատմական վիճակը, կացութիւնը ուղղելով հայ երիտասարդները, որպէսզի գիրքը կարդալով` աւելի մօտէն տեղեակ ըլլան ցեղասպանութեան իսկական պատմութեան եւ հետեւանքներուն:

Անշուշտ գիրքիս մասին չէ, որ կ՛ուզեմ այս յօդուածը հրատարակել, սակայն կը կարծեմ, թէ` մեր դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ յստակ պատմութեան մը չգոյութիւնը կրնայ շատ մը երիտասարդ աշակերտներու մտքին մէջ հարցումներու առիթ տալ, թէ` ինչո՞ւ 1915 թուականին տեղի ունեցաւ այս Ցեղասպանութիւնը:

Բնական հարցումներէն մէկը, որ միշտ զիս տառապեցուցած է եւ պատճառ դարձած է, թէ` 13 տարիներ շարունակ Հռոմ, Վիեննա, Լոնտոն եւ Փարիզ արխիւներ փնտռեմ… այն էր, որ «Ինչո՞ւ հայ գաղութը, 400 տարի Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուելով եւ շատ լաւ դիրքեր ունենալով հանդերձ, յանկարծ ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ»:

Սուլթաններու բժիշկները, ոսկերիչները, ճարտարապետները, դրամատուներու պատասխանատուները, նոյնիսկ ելեւմուտքի վեզիրները (նախարարները) հայեր էին, քանի մը անուններ յիշելով` ելեւմուտքի նախարար Յակոբ Գազէզեան, մեծ ճարտարապետ Սիմոն Պալեան, եւ տակաւին երկար ցանկեր գոյութիւն ունին…

Ի՞նչ պատահեցաւ, որ 400 տարի ետք ուզեցին մեզ անջատել Օսմանեան կայսրութենէն: Երբեք այս հարցումին պատասխանը չստացայ եւ գիրքս գրելէս 7 տարի ետք, սերտողութիւնս շարունակելով, հասայ եզրակացութեան մը, որ համոզուած եմ, թէ իսկական պատճառն է:

Ուրեմն, 1870-ական թուականներուն եւ նոյնիսկ անկէ առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ ցարական կայսրութիւնը Պալքաններուն մէջ պատերազմեցան, եւ թուրքերը շատ մեծ պարտութիւններու ենթարկուեցան: Եւրոպական շատ մը հողեր անոնք ստիպուեցան ռուսերուն յանձնել: Այդ պատճառով, 1878 թուականին Սան Սթեֆանոյի եւ ապա Պերլինի դաշինքներով թուրքերը խոստացան ապահովութիւն շնորհել Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայերուն եւ քրիստոնեայ ցեղերուն:

Այս խոստումները չյարգուեցան եւ սուլթան Համիտ Բ., որ Կարմիր Սուլթան կը կոչուէր, 1880-1896 թուականներուն ջարդել տուաւ 200.000 հայեր:

1908 թուականին Երիտասարդ թուրքերը զինք աքսորեցին եւ կայսրութիւնը յանձն առին:

Նոյն շրջանին Յատուկ կազմակերպութիւն մը, որ Օ.Տ. (Organisation Spéciale) կը կոչուէր եւ կը պատկանէր Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան, լրջօրէն պատրաստութիւն տեսաւ ու կազմակերպեց հայերուն եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն ջարդը:

Կարեւոր եւ հիմնական հարցը հետեւեալն է.

1880 թուականներուն Գերմանիան տնտեսական մեծ տագնապի մէջ էր, շատ զօրաւոր արդիւնաբերութիւն (industry) ունէր, բայց իր արտադրած մեքենաներու շուկան փոքր էր… որովհետեւ Ֆրանսան եւ Անգլիան ամբողջ շուկան իրենց մենաշնորհին վերածած էին…

Ափրիկէն եւ Ասիան իրենց ձեռքն էր, իրենց գաղութներն էին:

Ափրիկէն, Հնդկաստանը եւ Չինաստանը Ասիոյ մէջ ֆրանսացիներուն կը պատկանէին: Ափրիկեան կարգ մը երկիրներ, Հնդկաստան, Նոր Զելանտա, Աւստրալիա, Հարաւային Ափրիկէ Անգլիոյ կը պատկանէին, եւ այդպիսով խեղդած էին Գերմանիոյ շուկան:

Գերմանացիները չկրցան լեզու գտնել Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հետ եւ այն եզրակացութեան հասան, որ միայն զէնքի ուժով կարելի էր լուծում մը գտնել, մանաւանդ որ զինուորական գետնի վրայ զօրաւոր բանակ եւ զէնք ունէին:

Գերմանիոյ ղեկավարութիւնը հեռատես պատրաստութիւն տեսաւ եւ սերտելով քարտէսը` որոշեց, որ Օսմանեան կայսրութեան հետ էր, որ կրնար ռազմավարական լուծում գտնել:

Ինչո՞ւ Օսմանեան կայսրութեան հետ

1.- Նախ Օսմանեան կայսրութիւնը մեծ տարածութիւն ունէր եւ իրեն յատուկ հսկայ շուկան կրնար գոհացնել Գերմանիոյ արդիւնաբերական արտադրանքը:

2.- Եթէ Օսմանեան կայսրութիւնը իրեն միանար, պատերազմի պատրաստութեամբ, իր հսկողութեամբ կրնար հսկայական ճակատ մը բանալ Միջին Արեւելքի, մինչեւ Ափրիկէի եւ Ծոցի մէջ եւ օսմանեան բանակը զօրացնել արդիական զէնքերով եւ կարգապահութեամբ, Հնդկաստանէն, Նոր Զելանտայէն, Աւստրալիայէն, Հարաւային Ափրիկէէն եւ ընդհանուր Ափրիկէէն եկող միլիոնաւոր զինուորներ Գերմանիոյ ճակատին վրայ պայքարելու տեղ` մեծ մասամբ կը պատերազմէին Միջին Արեւելքի ճակատին վրայ` թուրք զինուորներու դէմ:

Այս մէկը զինուորական եւ ռազմավարական մեծ հեռատեսութիւն մըն էր Գերմանիոյ կողմէ, եւ այդ հիման վրայ օսմանեան կառավարութեան հետ բանակցութիւններու մէջ մտաւ իր նպատակը իրագործելու համար:

Երբ զինուորական ռազմավարութեան մասին կը խօսինք, կարեւոր եւ հիմնական կէտերը միայն զէնքերը չեն, զինուորական կարգապահութիւնը եւ կազմը չի բաւեր, այլ շարունակ պէտք է անոր ուտելիք եւ զինամթերք ապահովուի, մանաւանդ որ անոնց պաշտպանելիք ճակատները հեռաւոր սահմաններու վրայ կը գտնուէին:

Այն ատեն, մանաւանդ անապատային շրջաններուն մէջ, փոխադրամիջոցի հիմնական հարցեր կային:

Այնպէս որ, միակ ապահով եւ արագ փոխադրամիջոցը շոգեկառքն էր: Եւ այս ուղղութեամբ գերմանացիները նշանաւոր ճարտարագէտի մը` Wilhelm Von Pressel-ի միջոցով թուրքերուն ներկայացուցին շոգեկառքի գիծի նախագիծ մը, որ Պերլինէն մինչեւ Պաղտատ զանազան ճիւղաւորումներով մինչեւ Պասրա, Մուսուլ, Հալէպ, Դամասկոս եւ Մետինէ պիտի հասնէր:

Այս ձեւով Գերմանիան կ՛իրագործէր իր նպատակը` ունենալով 2 հիմնական լուծումներ… գրաւել Օսմանեան շուկան ու նոյն ատեն զինուորական դաշինք կնքել եւ պատրաստուիլ ապագայ պատերազմին` ունենալով նախ առաջին ճակատը Միջին Արեւելքի մէջ` գերմանական զէնքերով եւ թրքական զինուորներով, ապա պակսեցնելով ճնշումը գերմանական սահմաններուն վրայ:

Այդ նպատակներով համաձայնութիւններ տեղի ունեցան եւ 3200 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղին կառուցուիլ սկսաւ:

Օսմանեան կառավարութիւնը պնդեց, որ այս երկաթուղին հեռու ըլլայ ծովային շրջաններէն, որպէսզի անգլիական եւ ֆրանսական նաւատորմի թնդանօթներէն հեռու մնայ, եւ այդ ձեւով որոշուեցաւ, որ երկաթուղին Անատոլուէն անցնի…

Տարիները անցան եւ այս ծրագիրը իրագործուեցաւ:

Պերլին – Պաղտատ երկաթուղին եւ մնացեալ ճիւղաւորումները ամբողջացան, Գերմանիան իր նպատակին եւ ծրագիրներուն մէջ յաջողութիւն գտաւ եւ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ զինուորական զօրաւոր կապեր հաստատեց օսմանեան կառավարութեան հետ:

Զօրավար Լիման Վոն Սենտըրզ եղաւ օսմանեան բանակին մէջ մեծ պատասխանատու, կազմակերպեց զայն, մարզեց եւ կարգի դրաւ զօրաւոր բանակի հարկաւոր զէնքերը:

Այս ձեւով Գերմանիան եւ իր հետը օսմանեան բանակը պատրաստ էին Համաշխարհային Ա. պատերազմին…

Զօրավար Լիման Վոն Սենտըրզ, որ պատրաստած էր Գերմանիոյ զինուորական կարիքներուն ցանկը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ յատուկ մտահոգութիւն մը ունեցաւ:

Նոր կացութիւն մը ստեղծուեցաւ եւրոպական ճակատներու վրայ եւ Պալքաններու թրքական պարտութիւնները պատճառ դարձան, որ այլազգ կամ թրքացած ժողովուրդը փախուստ տայ դէպի Պոլիս եւ ապա Անատոլու:

Մինչ այդ երիտթուրքերը, որոնք յանձն առած էին կայսրութիւնը եւ հիմնած էին նոր կուսակցութիւն մը` կոչուած Իթթիհատ վէ թերաքքը` միութիւն եւ յառաջդիմութիւն, կազմակերպած էին Յատուկ կազմակերպութիւն O.S (Organisation Spéciale), որուն պատասխանատուներն էին` Նազիմ պէյ – Պէհաէտտին Շէքիր – Մուսթաֆա Ապտիւլ Հալիք – Շուքրի պէյ եւ Ճեւտեթ պէյ: Անոնք մանրամասն սերտած եւ կազմակերպած էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայերուն ջարդը եւ կործանումը, մանաւանդ որ Պալքանեան պատերազմի կորուստով հարիւր հազարներով փախած այլազգ ընտանիքներ խուժեցին դէպի Անատոլու եւ կամաց-կամաց գրաւեցին հայերուն հողերը եւ տուները` Յատուկ կազմակերպութեան O.S (Organisation Spéciale) հովանաւորութեամբ, եւ հայերը դէպի Սուրիոյ անապատները մղեցին` զանոնք ռուսական բանակէն պաշտպանելու պատճառաբանութեամբ:

Այս կացութեան հետեւանքները մտահոգեցին գերմանացիները, որովհետեւ երկաթուղին Անատոլուէն կ՛անցնէր, եւ զօրավար Լիման Վոն Սենտըրզ մեծ մտահոգութիւն ցոյց տուաւ թուրք ղեկավարներուն` ըսելով, որ եթէ այդ հողամասերուն վրայ բնակող 2 միլիոնի շուրջ հայերուն 10%-ը զէնք շալկէր, իրենց ետին կ՛ունենային 200.000 զինեալ, ինչ որ վտանգաւոր էր, եւ Ռուսիա կարողութիւն ունէր պէտք եղած զէնքերը ապահովել հայերուն եւ կրնար փարթիզանական պատերազմ տեղի ունենալ, հայերը կրնային պայթեցնել կամուրջները, երկաթուղին եւ ոչնչացնել հիմնական երակը, որ պէտք էր կերակրէր եւ զօրացնէր հեռու գտնուող թրքական բանակները…

Ինչպէ՞ս զինամթերք, ուտելիք եւ նոր զինուորներ պիտի հասցնէր դէպի այդ հեռու սահմանները:

Պոլիսի եւ Պերլինի մէջ ժողովներ տեղի ունեցան այս հարցին լուծում գտնելու, որովհետեւ եթէ երկաթուղին չաշխատէր, պատերազմը նախքան սկսիլը` պարտուած կը սեպուէր, եւ տարիներու ընթացքին պատրաստուած ռազմավարութիւնը անիմաստ կը դառնար:

Ո՞ւր էր լուծումը…

Երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսաւ, Գերմանիան յոյսով էր, որ 3-4 ամիսէն ծունկի պիտի բերէր Ֆրանսան… բայց եւրոպական ճակատին վրայ պատերազմը երկարեցաւ, եւ Անգլիա Ֆրանսայի կողքին կանգնելով` սկսաւ հատու պատերազմի, որ անվերջանալիօրէն Գերմանիան երկու ճակատի վրայ պատերազմի ենթարկեց… թէ՛ Ֆրանսայի ու Անգլիայի դէմ եւ թէ՛ Ռուսիոյ:

Այն ատեն է, որ Գերմանիան Թուրքիոյ աւելի ուժգնօրէն փարեցաւ` անոր տրամադրելով հարկ եղած զէնքերը եւ աչք խփելով Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ ցեղերուն հանդէպ անոր կատարած ջարդերուն, եւ հոն է, որ թուրք ղեկավարութիւնը կրցաւ առիթը օգտագործել, որովհետեւ անպատիժ որոշումներ կայացուց:

Յատուկ կազմակերպութիւնը O.S (Organisation Spéciale) ճարպիկ ձեւով իր պատրաստած ծրագիրը իրագործեց եւ իր մարմինէն անջատեց այն հսկայ փուշը, որ տարիներու ընթացքին իրեն նեղութիւն պատճառած էր:

Գերմանիան լուռ մնաց, հրահանգ տուաւ իր դեսպանին` Վոն Ուէնկընհայմին, որ Թուրքիոյ ներքին հարցերուն չխառնուի, եւ այդպէս Ուէնկընհայմ խուլ եւ կոյր մնաց զանազան գանգատներուն, որոնք կ՛ուղղուէին գերմանական Կարմիր խաչի նախագահ Ճոհանըս Լեփսիուս հեռագիրներուն միջոցով եւ Գերմանիոյ մամուլին կը վկայէին եղած դէպքերուն մասին:

Օսմանեան ղեկավարութիւնը հասկցաւ, որ համաշխարհային պատերազմի առիթով այլեւս առանց մտահոգուելու կրնար ազատիլ հայերէն եւ քրիստոնեայ զանազան փոքրամասնութիւններէն, որոնք ինքնավարութիւն կը պահանջէին` Ռուսիոյ եւ եւրոպական երկիրներու հովանաւորութեամբ:

Այս ոսկի առիթը օգտագործելով` որոշեց 24 ապրիլ 1915-ին հայ ժողովուրդի գլխաւոր պատասխանատուները, մանաւանդ` Կ. Պոլիսի մէջ, ձերբակալել, աքսորել ու սպաննել եւ հայ ժողովուրդը ձգել առանց ղեկավարութեան:

Նոյնիսկ հայ երիտասարդութիւնը, որ կանչուած էր զինուորական ծառայութեան (մօտ 115.000) ուղարկուեցան հեռու ճակատներ:

Պասրա, Եմէն, Ագապա, Լիպիա, Սարիղամիշ եւ այլն… կամաց-կամաց զիրենք իրենց զէնքերէն զրկելով (իբր թէ դաւաճանութիւն ըրած էին) եւ թուրքերու կրած պարտութիւնները հայ զինուորներուն վերագրելով` զանոնք պզտիկ խումբերով անապատներուն մէջ սպաննեցին եւ շատ քիչեր միայն կրցան փախչիլ:

Հայ ժողովուրդը մնաց ծերերով, պզտիկներով եւ կիներով, որոնք ոչխարի նման փոխադրուելով դէպի Սուրիոյ անապատները` իրենց տուները եւ հողերը տուին Պալքաններէն փախչող այլազգիներուն:

Առիթը յարմար էր, Յատուկ կազմակերպութիւնը O.S (Organisation Spéciale) կրցաւ իր ծրագիրը իրագործել եւ «մէկ քարով երկու թռչուն» զարնել. իսկ Գերմանիան իր շահերը հետապնդելով, գլուխը անդին դարձնելով, աչքն ու ականջը փակելով` մեղսակից դարձաւ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան:

Այդ իսկ պատճառով, տարիներ ետք, երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմին Հիթլեր սկսաւ հրեաներու ջարդին, եւ երբ իրեն հարց տուին, թէ ապագային ի՞նչ պիտի ըլլար աշխարհի անդրադարձը այս հարցին… անվերապահօրէն հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ մտահոգ էք, ի՞նչ ըսին հայերու ցեղասպանութեան շուրջ… ո՞վ կը յիշէ զանոնք…»:

2023

Նախորդը

Պէտք Է Փրկել Արցախը

Յաջորդը

Շրջափակումը Չի Կարող Դադարեցնել Արցախի Երիտասարդական Ճամբարը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?