Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

July 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայաշէնը եղած է Պէյրութի մեկուսացած, բայց եւ այնպէս կարեւոր կեդրոններէն մէկը, որ իր ազգային գործունէութեամբ, իր թատերախումբով եւ նուագախումբով (բոլորն ալ` ինքնուս), ժամանակ մը զարդը կազմած են պէյրութահայ կեանքին:

1955-ական թուականներուն, Խորէն Մղտեսեանին նախաձեռնութեամբ, կեանքի կոչուեցան միջհայրենակցական ազգագրական պարերը` Վանի, Էրզրումի, Տարօնի, Քեսապի եւ Այնճարի, որոնք իրենց տեսակին մէջ աննախընթաց էին:

1956-ին արդէն Հայաշէնի մէջ կազմուած էր Համազգայինի «Նաւասարդ» մասնաճիւղը, որուն հիմնադիրները եւ առաջին վարչականները եղան` Խորէն Մղտեսեան, Աբրահամ Ոսկերիչեան, Արամ Միրաքեան, Սեդրակ Էսմէրեան եւ Մարի Սարգիսեան-Յովհաննէսեան: Նոյն տարին ես ալ անդամակցած եմ Համազգայինին:

Այս մասնաճիւղը իր շուրջ համախմբեց Հայաշէնի գրասէր, թատերասէր, մարզասէր երիտասարդութիւնը, ինչպէս նաեւ` երաժշտասէրները, որոնք տարուան 7-8 ամիսներուն կը կազմակերպէին գրական, թատերական, երաժշտական  եւ մարզական ձեռնարկներ` հրաւիրելով գաղութիս տիրական դէմքերը` Գարեգին եպս. Սարգիսեանը (հետագային` կաթողիկոս), Զարեհ եպս. Ազնաւորեանը, Պետիկ Հերկելեանը, Գրիգոր Սաթամեանը, Հրաչ Պետոյեանը, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը, պատուելի Մանասէ Շնորհոքեանը, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը եւ ուրիշներ: Այս ձեռնարկներուն համազգայնականները կը ներկայացնէին իրենց մասնագիտութեան վերաբերող նիւթերը եւ մեծապէս օգտակար կը հանդիսանային շրջանի բնակչութեան զարգացման: Նոյնիսկ կարգ մը վիճաբանական նիւթեր կ՛արծարծուէին:

1970-ականներուն «Նաւասարդ» մասնաճիւղին գործունէութիւնը հասաւ իր բեղուն շրջանին, երբ վարչութեան ատենապետ եղաւ Հրայր Տէր Թորոսեանը, որ իր շուրջ համախմբեց վարչական ատակ անձեր` Հրայր Սողոմոնեանը, Մարգրիտ Մղտէսեանը, Արա Ասիլեանը եւ զիս` իբրեւ քարտուղար, ապա 6 տարիներ` իբրեւ ատենապետ:

Հրայր Սողոմոնեանը յառաջացուց «Նաւասարդ» մասնաճիւղի թատերական խումբ մը, որ իր շուրջ հաւաքելով դերասանական ձիրք ունեցող երիտասարդ-երիտասարդուհիները` ներկայացուց Մոլիէրէն երկու թատերախաղեր` «Սգաբէնի նենգութիւնները» եւ «Ակամայ բժիշկը», զոր հայերէնի թարգմանեց Յաբէթ Յարապաղեանը: Այս թատերախաղերը քանի մը անգամ կրկնուեցան եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին շրջանին, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ:

Այսօր, դժբախտաբար, մեր շրջանին` Հայաշէնի մէջ, Համազգայինը դադրած է գործելէ` հայերու թիւի նօսրացման պատճառով: Իբրեւ համազգայնական` մնացած ենք ես ու Վերա Կոստանեանը:

Վա՛րձքը կատար բոլոր անսակարկ ծառայած համազգայնականներուն:

 

 

 

Նախորդը

Շրջափակումը Չի Կարող Դադարեցնել Արցախի Երիտասարդական Ճամբարը

Յաջորդը

Նէյմար Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին Եւ Կը Պատրաստուի Նոր Տարեշրջանին

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.