Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այլակրօն Եղբայրներս, Քոյրերս «Alloy Steel»

July 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ յատկապէս ցեղասպանութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ` անկէ ետք, իրենց կեանքերը փրկելու համար մեծաթիւ հայեր իսլամացած են, թրքացած կամ քրտացած, բայց պահած են իրենց ինքնութիւնը եւ մասամբ նաեւ` լեզուն: Անոնք ծանօթ են ծպտեալ հայեր, թաքուն հայեր կամ իսլամացուած հայեր անուանումներով:

Քրտացած հայերը կ՛ապրին գլխաւորաբար Արեւմտեան Հայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ, իսկ թրքացած հայերը` երկրի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան նահանգներուն մէջ: Ազգագրական առանձին խմբաւորում են համշէնահայերը:

Թաքուն հայերուն քանակը, տարբեր հետազօտութիւններու տուեալներով, կը հասնի չորսէն հինգ միլիոնի:

Պետական պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ անոնք կը նշուին իբրեւ թուրք եւ իսլամ:

Իրենց ինքնութիւնը պահպանելու համար թաքուն հայերը ամուսնութիւնները իրենք իրենց մէջ կը կնքեն եւ դուրսէն աղջիկ չեն առներ ու տար:

Պոլիս տեղափոխուող թաքուն հայերը քաջութիւնը կ՛ունենան բացայայտելու իրենց հայկական արմատները եւ վերադառնալու իրենց ազգին, մշակոյթին ու քրիստոնէական հաւատքին:

Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, արդէն իսկ սկիզբ առած ինքնութեան փնտռտուքը աւելի լայն տարածում գտաւ եւ, բնականաբար, վերջին տարիներուն  թրքական մամուլին մէջ աւելի յաճախ  կը հանդիպինք «գաղտնի հայեր»-ու վերաբերեալ նիւթերու:

Այս պարագան կը շօշափուի նաեւ գրականութեան մէջ: Յայտնի են`

– Քեմալ Եալչընի «Հոգիս քեզմով կը խայտայ», «Անատոլուի զաւակները», «Սարը կեալին» գործերը,

– Ֆեթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրիկս» յուշագրութիւնը,

– Ֆեթհիէ Չեթինի եւ Այշէ Կիւլ Ալթընայի համահեղինակութեամբ` «Թոռներս»,

– Մարաշ նահանգի Կապան գիւղի կրօնափոխ հայերու ոդիսականին անդրադարձող վաւերագրական ժապաւէն մըն է  Մեհմէտ Պինայի  «Փսփսացող յիշատակներ»-ը:

Ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանի են այն բոլոր ուսումնասիրութիւնները, յօդուածները, վաւերագրական ժապաւէնները կամ որեւէ դասախօսութիւն ու հաւաք, որոնք հրատարակուած, պատրաստուած կամ կազմակերպուած են ի սպաս այն իրականութեան կամ երեւոյթին, որ կը կոչուի «գաղտնի հայեր», ընդգրկելով նաեւ  համշէնահայերը` թրքերէն լեզուով «տէօնմէ» կամ «տէօնիք»-ին:

Համշէնահայերը, որոնք կ՛ապրին Պոնտոսեան լեռներուն եւ Սեւ ծովու միջեւ, այսօրուան Թուրքիոյ Ռիզէ նահանգին մօտ, ընդհանրապէս ճանչցուած են որպէս տէօնմէ թուրքեր: Բացի անոնցմէ` հայերու կրօնափոխութիւնը սկիզբ առած է համիտեան ջարդերէն առաջ, սակայն անոնց մեծ մասը Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն բռնի իսլամացած է: Աւելի քան 200.000 էր անոնց թիւը  այդ օրերուն, որուն մէջ կը մտնեն իրենց բնակավայրերուն մէջ մնացողները, գաղթի կարաւաններէն առեւանգուածները, որբերը եւ այլն:

«Տէօնմէ» հայերուն թիւը, ըստ վախճանեալ Շնորհք պատրիարք Գալուստեանի, աւելի քան մէկ միլիոն է: Անոնց մեծամասնութեան գլխաւոր յատկութիւնը այն է, որ անոնք կը պահպանեն իրենց նախահայրերուն աւանդութիւնները եւ չեն խառնուիր Թուրքիան կազմող միւս հաւաքականութիւններուն. օրինակ` համշէնահայերը, հակառակ իրենց իսլամ ըլլալուն, մեծ մասամբ մզկիթ չեն երթար, հայերէն կը խօսին եւ ունին իրենց յատուկ բարբառը:  Անոնք կ՛ապրին Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի արեւմտեան գաղութներու մէջ: Առ ի գիտութիւն, այս վերջինները եւս կը պահեն հայկականութեան յատուկ սովորութիւններ, մշակութային պատկանելիութիւն: Օրինակի համար, անոնք կը տօնեն Վարդավառը եւ Կաղանդը, որոնք քրիստոնէութեան ազդեցութեամբ մտած են մեր եկեղեցական տոմարին մէջ, սակայն իրականութեան մէջ բուն հայկական տօներ են: Անոնք իրարու «մերինները» կը կոչեն:

Եթէ համշէնահայերը յատկապէս եւ բոլոր միւս «տէօնմէ»-ները ընդհանրապէս զարգացուցած են իրենց իւրայատուկ ինքնութիւնը եւ կարողութիւն ցուցաբերած են զայն պահպանելու մինչեւ այսօր, ուրեմն, հակառակ անոնց բնակած վայրին, անոնց կրօնին, անոնց դաւանանքին, քաղաքական հակումներուն, անոնց կենցաղին կամ սովորութիւններուն, հակառակ այն բոլոր տարբերութիւններուն եւ խորթութիւններուն, որոնք կրնան գտնուիլ իմ եւ իրենց միջեւ, անոնք իմ եղբայրներս եւ քոյրերս են, այո՛, եղբայրներս եւ քոյրերս, քեռիս եւ հօրաքոյրս` ըլլան անոնք տաճկական շալվարով մարդիկ կամ վերէն վար գոցուած կանայք:

Փոյթ չէ, որ աղքատ են անոնք կամ մարմնով տկար, փոյթ չէ, որ անոնք նոյնիսկ չեն գիտեր մէկ բառ իրենց մեսրոպեան մայրենի լեզուէն, այո՛, անոնք իմ հօրեղբօրորդիներս են, իմ ցեղիս արմատներէն են, Հայկ նահապետի թոռներն են անոնք եւ կը կրեն նոյն արիւնը, որ կը հոսի իմ երակներուս մէջ. անոնք ինծի հետ կը բաժնեն տոհմական եւ ընտանեկան նոյն ժառանգութիւնը եւ ցաւերը, վստահաբար ունին ապագայի ազգային ձգտումները եւ հոգերը, ինչպէս նաեւ` լուսաւոր ակնկալութիւնները:

Անոնցմէ շա՜տ շատեր դաժան պայմաններու բերումով, կամ նոյնիսկ իրենց ազատ կամքով, տասնամեակներ առաջ հեռացուած կամ հեռացած են իրենց ազգային հարազատ միջավայրէն եւ մթնոլորտէն ու զանազան պատճառներով, յաճախ` հասկնալի, չեն կրցած վերադառնալ իրենց ազգին գիրկը, սակայն մնացած են հաստատ (կարելի եղած չափով) իրենց ազգային, հայրական ցեղի պատկանելիութեան, յաճախ գաղտնի, երբեմն` կիսայայտ եւ քիչ պարագաներու բացայայտ, սակայն միշտ եւ միշտ իրենց սրտին խորքը  պահպանած են իրենց ազգային էութիւնը եւ հպարտութիւնը: Անոնց ճիւղերուն աւիշը չէ ցամքած տակաւին եւ կը սնուցանէ անոնց հոգիները, երբեմն հիւանդ եւ երբեմն առողջ կացութեան մէջ, եւ ահա ճիշդ այս բնորոշումներուն համար, առողջ կամ հիւանդ, պէտք է մենք` հայերս, զօրաշարժի ենթարկենք մեր ազգի բոլոր զաւակները մեր հանրապետութեամբ, կառավարութեամբ, կազմակերպութիւններով, կրօնական կամ քաղաքական հաստատութիւններով` իրենց ամենալայն  կարողութեամբ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, տէր եւ տիրական ըլլալու համշէնահայերուն, կրօնափոխ, քրտացած, թրքացած կամ ալեւիացած հայերուն` Թուրքիոյ տարածքին եւ ամէնուրեք, չմոռնալով արաբացած կամ քրտացած հայերը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ, մինչեւ Մուսուլ (Իրաք), հասնելով նոյնիսկ Լեհաստանի 17-րդ դարէն իսկ լեհացած եւ դաւանափոխ եղած հայերուն, որոնք կարիքը ունին մեր օժանդակութեան` բոլոր մակարդակներով եւ բոլոր բնագաւառներու մէջ` նիւթական, խնամատարական, եւ մանաւա՛նդ քարոզչական ու բարոյական, որ կը մարմնաւորուի անոնց տոհմիկ եւ հարազատ մթնոլորտ ստեղծելով, սփիւռքեան մեր կարելիութիւններուն եւ հայրենիքի հնարաւորութիւններուն շնորհիւ ստեղծելով  դիւրութիւններ, որպէսզի «մերինները», իրենց արմատներու վերադառնալու հրճուանքի կողքին,   վայելեն նաեւ բարեկեցիկ կեանք եւ ապրուստ, ու ժամանակի ընթացքին դառնան բանիւ եւ գործով արժանավայել լիիրաւ հայ քաղաքացիներ:

Երբեք դիւրին չենք տեսներ վերոյիշեալ զգացական պահանջներուն կամ փափաքներուն իրականացումը եւ ոչ ալ անտեղեակ ենք մեր հայրենիքին եւ պետութեան, նոյնպէս  սփիւռքահայութեան առջեւ բացուելիք տեղական կամ միջազգային դժուարութիւններուն կամ խոչընդոտներուն, ընդհակառակը: Սակայն, մեր կարծիքով, հարցը լուրջ է եւ ծանրակշիռ, եւ արդէն իսկ ուշացած ենք ու կը գտնուինք` «փրկել որքան որ կարելի է»-ի հանգրուանին մէջ: 2-3 միլիոն հաշուող կրօնափոխ կամ դաւանափոխ հայերու օրըստօրէ հալելու եւ վերջնականապէս ձուլուելու վտանգին դիմաց ձեռնածալ մնալը եւ սառնարիւն կերպով դիտելը, իր կարգին, ազգային մեծ գայթակղութիւն է, ճակատագրական սխալ, որ երբեք չի սրբագրուիր,  եւ կորուստը երբեք  չի վերադարձուիր: Պէտք է ամէն գնով ու զոհողութիւններով գործի լծուինք եւ որոշուած ուղեգիծով սկսինք իրագործել «բացայայտ»-ներն ու «գաղտնի»-ները վերաշահելու ծրագիրը` օգտուելով այժմու միջազգային եւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական պայմաններէն եւ այս առնչութեամբ լոյս տեսած գիրքերէն ու անոնց ետեւ կանգնող մտաւորականներուն եւ խումբերուն հետ գործակցելով` ի հարկին:

Այժմու համաշխարհայնացումի գաղափարներուն եւ անոր առաջնորդած զանազան` մարդու իրաւունքի, ազատ դաւանապաշտութեան, խառն ամուսնութեան եւ միտքերու տարածումի լոյսին տակ, մենք չենք տեսներ որեւէ դժուարութիւն` մեր կորսուած եղբայրներու եւ քոյրերու վերադարձին մէջ:

Ցեղին ձայնը մեներգողն է, միւսները երգչախումբին զանազան կարեւոր, կէս կարեւոր կամ միայն լրացուցիչ անդամներն են:

Ազգին եւ հայրենիքին հզօրացման, պահպանման եւ զարգացման սիրոյն` չկայ որեւէ առաջնահերթութիւն կամ արժէք, որ արգելք հանդիսանայ եւ կասեցնէ ազգին յառաջդիմութիւնը եւ ընթացքը:

Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այն, որ մեր հայրենիքին մէջ օրէ օր մեծապէս կ՛աւելնայ արտագաղթը, յատկապէս` երիտասարդներու, այդ պատճառով ալ կը նուազի մեր մարդուժը, կը նուազի մեր թիւը, կը տկարանանք մենք: Ասիկա արդէն կար տարիներէ ի վեր, բայց աւելցաւ 44-օրեայ պատերազմի փորձանքէն ետք:

Մենք սրտբաց ընդունելով եւ սիրաշահելով մեր համշէն քոյրերն ու եղբայրները, առանց խտրութիւն դնելու անոնց կրօնին, դաւանանքին, մակարդակին կամ գոյնին, որպէս երկաթ եւ յարակից խառնուրդ մետաղներ (alloy) նոյն քուրային մէջ միասին հալելով, ինչպէս բնութեան եւ գիտութեան օրէնքն է, պիտի միաձուլուինք եւ վերածուինք պինդ պողպատի` «alloy steel», պիտի զարգացնենք աշխատելաձեւը զանազան ասպարէզներու մէջ` ներառելով տարբեր մշակոյթի, տարբեր մտածելակերպի տէր անձեր (իմա` ՀԱՅԵՐ), տարբեր աշխատելաձեւով գործող անհատներ ու հաւաքականութիւններ (իմա` ՀԱՅԵՐ), որոնք կրնան պատուաստել մեր քաղաքական, դիւանագիտական, արհեստներու, արուեստներու եւ յարաբերութիւններու երանգը: Պիտի հզօրացնենք մեր մարդուժը` աւելի լայն հնարաւորութիւններով թափանցելու միջազգային ասպարէզներ, առաւել  ծանրակշիռ դարձնելով  համրանքն ու ձայն ունենալու մեր իրաւունքը, ուստի եւ` լսելի դարձնելով զայն:

«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», իրաւացիօրէն ըսած է մեծն Եղիշէ Չարենց եւ հիմա ճիշդ ժամանակն է, որ այդ նշանախօսքը, որ երկար ծամեցինք, իրագործենք, իրագործենք` անկեղծ հաւատքով, ժրաջան եռանդով, անբասիր նուիրումով, ծրագրուած եւ բծախնդիր աշխատանքով:

Մենք հաստատապէս կը հաւատանք, կ՛ուզենք նաեւ, որ բոլորը հաւատան հայկական պինդ պողպատի ապագայի իրականութեան:

Քուէյթ

gnk@imcck.com

 

 

Նախորդը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանի Նշում` Տարբեր Նախաձեռնութիւններով

Յաջորդը

«Հայութեան Տեղաշարժերը Եւ Փոխակերպումները 20-րդ Դարուն Եւ 21-րդ Դարու Սկիզբին» Գիտաժողովը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.