Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք՝ Աթէնքի Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Նախակրթարանի Հիմնադրութեան 60-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին

June 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՄԻՀՐԱՆ  ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Անցեալ Երկուշաբթի Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան նախակրթրանի հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը կատարուեցաւ վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր համախմբուած էին հիմնադրութեան օրերէն ցայսօր շուրջ 500-550 շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ անցեալի ու ներկայի ուսուցիչներ: Աննախընթաց ու խանդավառ միջոցառում մը, որուն նախատեսուած էր, որ ես ալ խօսք առնեմ, զոր կը ներկայացնեմ ստորեւ.
Որեւէ խօսք ըսելէ առաջ, նախ ջերմապէս շնորհաւորենք նախակրթարանի ծնողական միութիւնը, յատկապէս անոր վարչութեան անդամերը, որովհետեւ հակառակ որ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը ամբողջ գաղութին դպրոցն է ու կը շարունակէ վայելել անոր հովանաւորութիւնն ու գուրգուրանքը, բայց եւ այնպէս ձեռնարկ նախաձեռնելու մտածումը, յանդգնութիւն ունեցողը եւ ոգի ի բռին աշխատող անձերը եղան անոնք, որպէսզի վարժարանին հիմնադրութեան 60-ամեակի այս տօնակատարութիւնը արժանաւորապէս իրականացնեն, աղուոր մթնոլորտին մէջ մեզ քով-քովի բերեն, հին յիշատակներ վերաթարմացնեն, տարիներու ընթացքին իրարու նկատմամբ մեր կուտակած կարօտը յագեցնեն եւ մեզի հրամցնեն նաեւ պատուաբեր ու նկարազարդ ալպոմ մը, որուն համար կ’ենթադրեմ, թէ բոլորիդ թարգմանը եղած պիտի ըլլամ բարձրաձայնելով՝ «սրտագին շնորհակալութիւններ ծնողական միութեան եւ վարչութեան եւ անոնց գործակցող շրջանաւարտներուն:
Անոնց շնորհիւն է, որ նախատեսութիւններէն շատ աւելի, շշմեցնելու աստիճան շրջանաւարտներու այսքան մեծ բազմութիւն մը , իբրեւ հարազատ տանտէր, հաւաքուած է դպրոցի այս բակին մէջ , ինչ որ աննախընթաց է, միաժամանակ՝ յուսադրիչ , ամրապնդող: Երանի թէ ձեւ մը գտնուէր, տարին գոնէ մէկ անգամ, այսօրուան պէս բոլոր տարիքի շրջանաւարտները, անցեալի ու ներկայի ուսուցիչներ քով-քովի գան , հին յիշատակներ գրգռեն ու միասին խանդավառ պահեր անցընեն..:
Հոգեւոր հայրեր, սիրելի շրջանաւարտներ, բարեկամներ,
Այս պահուս, ես ալ ինքզինքս արդարացուած կը նկատեմ կարծելու, որ բոլորէդ աւելի զգացուածը ու միաժամանակ հպարտը իմ անձս է, որ իր կեանքին լաւագոյն տարիները, եւ արդիւնաւոր տարիները, անցուց այս յարկին տակ, 40 տարի տուաւ ինչ որ կրնար տալ իրարայաջորդ սերունդներուն, իր շրջապատին, գաղութին : Եւ փոխադարձաբար՝ իր շրջապատէն առաւ եռանդ, ներշնչում , ապագայի նկատմամբ հաւատք եւ վայելեց շրջապատի սէրն ու յարգանքը, վստահութիւնը: Այդ 40 տարիներուն ամէն ամէն մէկ օրը կը քաղցրանար աշակերտներու պոռչտուքներով, խաղերով, դասարանային աշխատանքներով եւ պաշտօնակիցներուս ազնիւ գործակցութեամբ:
Հպարտ եմ, եւ իմ այս հպարտութեանս համար ինչ որ կ’ուզէք ըսէք, ինչի որ կ’ուզէք վերագրեցէ’ք, խաբկանքի՞, անձնասիրութեա՞ն, մեծամտութեա՞ն…, կարեւոր չէ: Կարեւորը այն է , որ հպարտ եմ ես, որովհետեւ կը համարեմ, որ այս հաստատութեան 60 տարիներու տոկունութեան եւ հայակրթական վաստակին նուիրուած պատուաբեր այս տօնը բոլորիս, ամբողջ գաղութին հպարտութիւնն ըլլալէ ետք, անոր 40 տարիներու անձիս բերած բաժինը կը շոյէ ինքնասիրութիւնս եւ հպարտութեամբ կը լեցնէ զիս:
Թոյլ տուէ’ք եւ ներեցէ’ք ինծի, որ անձիս կապուած եւ անձս շոյող միջադէպի մը անդրադառնամ: Տարեվերջի մը հանդէսէն աւելի քան 25 կամ թերեւս 30 տարիներ ետք պէտք եղաւ,որ խնդրի մը համար կապուիմ շրջանաւարտուհիներէն մէկուն հետ, զոր չէի տեսած եւ որուն հետ խօսելու առիթ երբեք չէի ունեցած անցնող այդ 25-30 տարիներու ընթացքին: Ասդին-անդին դիմելով գտայ տան հեռախօսին համարը եւ զանգեցի: «Բարի լոյս»է մը ետք ուղղակի հարցուցի, «հասկցա՞ր, թէ ով է հետդ խօսողը…»: Պատասխանը. «այս ձայնը կը մոռցուի՞ պարոն…»: Դո’ւք ըսէք հիմա, այսքան անկեղծ , անմիջական ու սրտաբուխ երախտագիտական արտայայտութիւն կը մոռցուի՞ ամբողջ կեանքի մը ընթացքին: Անշո’ւշտ, չի մոռցուիր:
Նոյնպէս, առիթն է հիմա, որ հարց տանք նաեւ մենք մեզի.
Որքան ալ տարիները անցին, որքան ալ կենցաղային պայմանները փոխուին , կը մոռցուի՞ն արդեօք անչափելի զոհողութիւնները մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն, որոնք գաղթականական աննկարագրելի թշուառ պայմաններու մէջ իրենց դժուար ձեռքբերած ամէնօրեայ պատառ մը հացէն բաժին հանեցին դպրոցաշինութեան գործին, որպէսզի իրենց թոռներն ու ծոռները, ապագայ սերունդները, այսինքն մենք ու մեր զաւակներն ու թոռները կրթական ու հայակրթական ամուր արմատներով ինքնութիւն կազմաւորեն, վերականգնեն ազգը եւ հետամուտ ըլլան ազգային նպատակներու: Իսկ անոնց յաջորդները ամէն ջանք թափեցին, որ բարեզարդեն գաղթական սերունդին հաստատած կրթական օճախները: Վկայ՝ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վրժ.ի այս կառոյցը…: Վկայ նաեւ նախակրթութիւնը միջնակարգի մակարդակին հասցնելու փաստը:
Կրնա՞նք երախտամոռ ըլլալ մեր մեծ հայրերու յիշատակին: Անշուշտ թէ ո’չ…: Կրնա՞նք երախտամոռ ըլլալ մեր բոլոր դպրոցներուն եւ սիրելի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի վաստակին՝ սերունդներու միջոցով ազգին ու գաղութին տուածին հանդէպ: Անշուշտ թէ չենք կրնար եւ ատոր համար ալ պիտի պահենք ու պահպանենք կրթական մեր հաստատութիւնները ամէն գնով:
փոքր Հայաստան է ամէն հայկական դպրոց, ուր սերունդը կ’աճի ու կը կազմաւորուի երկու որակներով, : Մեր պարագային, իբրեւ հայ՝ Հայաստանին ուղղորդուած ազգային նպատկներով եւ իբրեւ յոյն քաղաքացի՝ Յունաստանին եւ յոյն ժողովուրդին ուղղորդուած յանձնառութեամբ : Այս երկու որակները իրարու չեն հակադրուիր, այլ ընդհակառակը զիրար կը հարստացնեն եւ կը կերտեն ամբողջական հայը եւ ամբողջական յոյն քաղաքացին:
Հիմա, հարցնող գտնուի թերեւս, թէ անցնող տարիներու ընթացքին Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը եւ միւս դպրոցները կրցա՞ծ են արդեօք տէր կանգնիլ իրենց առաքելութեան, այսինքն արդարացուցա՞ծ են ազգը վերականգնելու, գաղութ կազմակերպելու եւ գաղութը քաղաքական ազդակի վերածելու այնքան կարեւոր գործը, որ կը յուսային մեր մեծհայրերն ու մեծմայրերը, երբ իրենց պատառ մը հացէն բաժին կը հանէին դպրոցաշինութեան:
Այսօրուան այսքան մեծաթիւ ու խանդավառ շրջանաւարտներու , այսինքն ձեր ներկայութիւնը հոս, դպրոցի բակին մէջ բաւ է արդէն, որ տրուած ըլլայ պատասխանը վերի հարցումին:
Ասկէ անդին, մեր մշակութային աշխուժութիւններուն, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու գործունէութեան, հաւաքատեղիներու գոյութեան, սկաուտական շարժումներու, բարեսիրական միութիւններու , կուսակցական, երիտասարդական թէ պատանեկան կազմակերպութիւններու եւ այլ գործօններու խորքին մէջ եւ իբրեւ անփոխարինելի հիմքը անոնց՝ մի’ կասկածիք, որ հայկական դպրոցն է անպայման: Եկեղեցին իր հաւատացեալներով համայնք կը կազմէ, իսկ դպրոցը հիմը կը դառնայ գաղութի կազմակեպման: Այս երկուքը միասին գաղութը կը հասցնեն այն մակարդակին, որ երկրի կրթական նախարարութիւնը գործնապէս երաշխաւորէ մեր դպոցներու գոյութիւնը եւ Յունաստանի մեծայարգ նախագահուհին յանուն պետական ապարատին ու յոյն ժողովուրդին, անձա’մբ ի’նք դափնեպսակ զետեղէ Անծանօթ զինուորի յուշարձանին, ի յարգանս ցեղասպանութեան զոհ մեր նահատակներուն…:
Այնպէս որ երբեք մտահան չընենք, որ հայկական դպրոցը հիմքն է հայագաղութին, իսկ հայակրթութիւնը հայուն արմատն է, որուն վրայ կ’աճի ու կը կազմուի ազգային ինքնութիւնը: Եթէ հիմքը տկար է, փոքր ցնցումէն կը փլի շէնքը, կառոյցը: Նոյնպէս, եթէ արմատը առողջ ու հաստատուն չէ, պտուղ չի տար ծառը եւ առաջին փոթորիկէն արմատախիլ կ’ըլլայ: Այնքան ատեն, որ չենք մոռնար, թէ հիմքը ամրացած է մեր մեծհայրերուն երկաթեայ կամքով եւ արմատը իր սնունդը առած է անոնց արդար քրտինքով, իսկ մենք երախտամոռ չենք ըլլար ու հաւատարիմ կը մնանք անոնց յիշատահին, հայակրթական ճակատի վրայ յաղթական նոր 60-ամեակներ կ’արձանագրուին անպայման:
Ուրեմն՝ կեցցե’ն հայկական դպրոցները: Կեցցէ’ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը: Ընդմիշտ կեցցեն :
Երկուշաբթի , 19 Յունիս 2023
Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութիւնը Անյետաձգելի Է – Ա. Ահաւոր Փոթորիներու Ենթապատկերին Առջեւ

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութիւնը Անյետաձգելի Է- Բ. Ճամբու Քարտէսներու Աճուրդ

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.