Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օվերչուք. «Ճամբաներու Ապաշրջափակման Գլխաւոր Խնդիրը Այն Է, Թէ Ո՛վ Պիտի Ապահովէ Սահմանը Անցնողներու Անվտանգութիւնը»

June 20, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճամբաներու ապաշրջափակման գլխաւոր խնդիրը այն է, թէ ո՛վ պիտի ապահովէ այդ ճամբաներէն օգտուող մարդոց անվտանգութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«Փաստաթուղթի նախագիծը կազմուած եւ գրեթէ անոր շուրջ մեր մակարդակով ամբողջութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է, թէեւ տակաւին պէտք է աշխատիլ հիմնական հարցի վրայ, թէ ինչպէ՞ս պիտի հաղորդակցին շարքային ազրպէյճանցիներն ու հայերը սահմանը անցնելու ընթացքին», ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

Փոխվարչապետներու եռակողմ վերջին հանդիպումէն ետք Երեւան յայտարարեց, թէ ապաշրջափակման պարագային Հայաստանի տարածքին մէջ սահմանային ծառայութիւնը պիտի կատարէ Հայաստանը: Պաքուն, սակայն, կը պնդէ, որ Հայաստանի տարածքին մէջ ռուս սահմանապահները պիտի հսկեն ճամբուն:

Կիրակի օր հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ազրպէյճանցի իր պաշտօնակից Շահին Մուսթաֆայեւին հանդիպման առաջարկ ներկայացուցած է` քննարկելու համար խնդրայարոյց հարցերը, որոնք վերջին օրերուն լարուածութիւն կը յառաջացնեն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: Սակայն յստակ չէ, թէ Գրիգորեան ո՛ւր եւ ի՛նչ ձեւաչափով հանդիպում առաջարկած է:

Գրիգորեան, Մուսթաֆայեւ եւ Օվերչուք շրջանի հաղորդակցութեան ուղիները ապաշրջափակելու նպատակով ստեղծուած եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահներն են:

Միւս կողմէ, Օվերչուք Ս. Փեթերսպուրկի մէջ միջազգային տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան կը նկատէ՞ Արեւմուտքի կողմէ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հոլովոյթին միջամտելու փորձեր, ըսած է. «Մենք գիտենք, եւ ատիկա կ՛երեւի Շարլ Միշելի յայտարարութիւններէն, որոնք ան կը հրապարակէ Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հետ բանակցութիւններէն ետք, որ այդ հանդիպումներուն կը քննարկուին փոխադրամիջոցային ապաշրջափակման խնդիրները: Միեւնոյն ժամանակ կը նշուի այս հարցին մէջ կողմերուն արձանագրած յառաջընթացը: Ինչպէս կը հասկնաք, այս յառաջընթացը ձեռք բերուած է եռակողմ հարթակի վրայ` Ռուսիոյ մասնակցութեամբ, թէեւ պարզ է, որ եւրոպացիները պիտի չնշեն այդ մասին:

«Մեր բանակցող գործընկերները համաձայն են, որ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին վերաբերեալ ստեղծուած հարթակին վրայ, ատիկա կ՛ըսեն թէ՛ ազրպէյճանցիները, թէ՛ հայերը, մեծագոյն յառաջընթացը արձանագրուած է: Եւ այստեղ այսօր կը նկատուի արդիւնք. ատիկա իսկապէս այդպէս է: Փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի ձեւաչափէն դուրս գալը ակնյայտ բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ բոլորին համար»:

Նախորդը

22 Յունիսին ԵԽԽՎ-ի Մէջ Պիտի Քննարկուի Բերձորի Միջանցքի Հարցը

Յաջորդը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.