Լիբանանի 18 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի կազմը բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց 60-49 արդիւնքով յաղթանակ մը` Հուփսին դէմ:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սէրուժ Աւետիսեան (27), ապա` Միհրան Պէրպէրեան (14):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչն է Փոլ Աւետիսեան:


