Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 9 մայիսին մերժած է վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը ապօրինաբար հատած Ազրպէյճանի երկու զինուորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար վերջիններուս հարազատներուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դէմ Եւրոպական դատարանի կանոններու 39-րդ կանոնով սահմանուած միջանկեալ քայլ կիրարկելու մասին պահանջը:
«Մասնաւորաբար, Եւրոպական դատարանէն պահանջուած էր կիրարկել միջանկեալ քայլ այն հիմնաւորումով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ազրպէյճանցի երկու զինուորներու նկատմամբ կը դրսեւորուի կեանքի իրաւունքին եւ խոշտանգումներէն զերծ մնալու պարտաւորութեան հակասող վերաբերմունք: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դիրքորոշման վրայ, մերժուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ միջանկեալ քայլ կիրարկելու մասին ազրպէյճանցի զինուորներու հարազատներու ներկայացուցած պահանջը», կը նշուի Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ 10 ապրիլին յայտնի դարձաւ, որ Սիսիանի Բնունիս համայնքին մէջ ազրպէյճանցի զինուորներ յայտնուած են: Ազրպէյճանցի զինուորները հետագային յայտնաբերուած ու ձերբակալուած էին: Անոնք Նախիջեւանէն ներթափանցած էին Հայաստանի տարածք: