Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Ընդառաջ Մանրամասնութիւններ

May 12, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելի մէջ կիրակի օր նախատեսուած Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ հանդիպումը կարելի պիտի չըլլար կազմակերպել, եթէ կողմերը մինչ այդ Ուաշինկթընի մէջ յառաջընթաց չունենային: Այս մասին անանուն մնալու պայմանով «Ազատութիւն»-ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մէկը:

Ըստ այդ դիւանագէտին, 14 մայիսին տեղի ունենալիք հանդիպումը Եւրոպական Միութեան շարունակական դիւանագիտական ջանքերու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած յաջող բանակցութիւններու արդիւնքն է:

«Եթէ ուաշինկթընեան հանդիպումը գոհացուցիչ չըլլար, ատկէ ետք եւս մէկ քննարկում կազմակերպելը իմաստ չէր ունենար», կը յայտնեն եւրոպական աղբիւրները:

Պրիւքսելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումները դադրած էին կէս տարի առաջ. վերջինը տեղի ունեցած էր անցեալ հոկտեմբերին Փրակայի մէջ, ուր Ալիեւ-Փաշինեան-Միշել եռեակին միացած էր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը: Յաւելեալ քառակողմ հանդիպում մըն ալ նախատեսուած էր անցեալ դեկտեմբերին, սակայն Ալիեւ ջնջեց զայն` պնդելով, որ Փարիզ հակաազրպէյճանական դիրքորոշում ունի եւ չի կրնար չէզոք միջնորդ ըլլալ:

Հայկական կողմը, իր կարգին, յայտարարած էր, թէ կ՛ուզէ պահպանել Մաքրոնի մասնակցութիւնը: Տարակարծութիւնը լուծելու համար Պրիւքսել անցեալ ամիսներուն շարունակական հաղորդակցութեան մէջ եղած է կողմերուն հետ` փորձելով գտնել երկուստեք ընդունելի լուծում:

Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, այս հարցին մէջ որոշիչ եղած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի շրջան վերջին այցելութիւնը, որ ցանկալի արդիւնք չէ տուած` ակնյայտ դարձնելով, թէ՛ կողմերուն, թէ՛ Փարիզի համար, որ պէտք է փոխզիջումնային տարբերակ գտնել:

Ըստ այնմ, Երեւան համաձայնած է նախ մէկ հանդիպում կատարել առանց Ֆրանսայի նախագահի, շուրջ երկու շաբաթէն ալ քննարկումը շարունակել Ֆրանսայի նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ: Ազրպէյճանական աղբիւրները կը պնդեն, որ ատիկա եղած է Պաքուի պայմանը` Մաքրոնի միջնորդութեան համաձայնելու համար:

4 մայիսին Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած էր, թէ կողմերը նաեւ համաձայնած են շարունակելու Պրիւքսելի մէջ եռակողմ հանդիպումները այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ կ՛ըլլայ:

Յառաջիկայ հանդիպումին մասին որոշ տեղեկութիւններ յայտնի դարձած են նաեւ ամերիկեան «Փոլիթիքօ»-ին:

«Մենք այդ հանդիպումը կը նկատենք իբրեւ պրիւքսելեան եռակողմ ձեւաչափի վերսկսում եւ անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր ու դրական քննարկումներու շարունակութիւն», ըսած են եւրոպացի դիւանագէտները:

 

 

Նախորդը

Զախարովա. «Երեւանի Կողմէ ՀԱՊԿ-ի Հրապարակային Քննադատութիւնը Հակաարդիւնաւէտ Է»

Յաջորդը

Պլինքըն Եւ Միշել Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Կայուն Եւ Տեւական Խաղաղութեան Աջակցելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններէն Առաջ.  ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ  Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Կիրակի Օրուան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններէն Առաջ. ՀՅԴ-ի Նախընտրական Ամփոփիչ Հանրահաւաք` Արտաշատի Մէջ

October 23, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.