ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 80.300 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակն է 1.452.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.487.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.385.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 984.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող եւ Տար Ֆաթուայի պատկանող հողաշերտերը երկրագործական նպատակներով օգտագործելու կարելիութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ նախարարութեան եւ Տար Ֆաթուայի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Միւֆթի Տըրիան ընդունեց նաեւ Ազգային չափաւորականութիւն պլոքը: Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ սուրիացիներուն հետ խօսակից կը դառնայ եւ ոչ թէ Սուրիոյ հետեւորդ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք կը հաւատան արաբականութեան, երկխօսութեան եւ ազգային համերաշխութեան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ կա՛մ պէտք է երկխօսութիւն կատարուի` ճշդելու համար նախագահական ընտրութեան համախոհական թեկնածու մը, կա՛մ ալ իւրաքանչիւրը կառչած կը մնայ իր պատնէշին ետին գտնուող թեկնածուին, եւ նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առկախուած:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան Խալտէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական իրադարձութիւնները: