Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, արցախցի կրանտմասթըր Մանուէլ Պետրոսեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, 55-րդ շարժումին յաղթանակ մը արձանագրեց ազրպէյճանցի Վուկար Ռասուլովի դէմ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Մանուէլ Պետրոսեան, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 4 կէտ, կը բաժնէ 5-38-րդ դիրքերը:
4 կէտ ունի նաեւ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան, մինչ 3,5-ական կէտ ունին Շանթ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան:
Պարագլուխի դիրքը 5 կէտով առանձինն կը գրաւէ ուքրանացի Անթոն Քորոպով: