Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ աշխարհի նորընծայ ախոյեան, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի բանակցութիւններու սկսած է իր նախկին ակումբին` Պարսելոնայի հետ:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, 35 տարեկան ֆութպոլիստը կը դիտարկէ քաթալոնական ակումբ վերադառնալու տարբերակը:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը` փարիզեան կազմին հետ, իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2023-ին:
Մեսսի, որ 2003-էն 2021 մաս կազմած է Պարսելոնայի, 778 մրցումի ընթացքին նշանակած է 672 կոլ եւ կատարած 303 էսիսթ: