Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտի իտալացի 63 տարեկան գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի պաշտօնանկ պիտի ըլլայ, եթէ արքայական ակումբը այս տարեշրջանին որեւէ տիտղոսի չտիրանայ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան եւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քոփա տել Ռէյ») գծով Ռէալ Մատրիտ քիչ մը նեղ կացութեան մատնուած է, սակայն «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին գծով անիկա ցարդ լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:
Վերջինիս գծով անիկա 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին 5-2 արդիւնքով յաղթեց Լիվըրփուլին, որուն դէմ դարձի մրցումին պիտի մրցի 15 մարտին:


