Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Արթուր Աւետիսեան եւ Վահագն Դաւթեան իրենց տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ ապահովեցին օղակներու մրցումներու աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Գագիկ Խաչիկեան ապահովելով 14,133 կէտ, նժոյգի մրցումներուն գրաւեց 10-րդ դիրքը, մինչ Յարութիւն Մերդինեան 21-րդ դիրքը` 13,500 կէտով:
Նշենք, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքը վարկանշային է աշնան Պելճիքայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան համար:


