Անգլիական Նիւքասըլ Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը յառաջիկայ ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները, ամէն աշխատանք պիտի տանի իր կազմին միացնելու Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիան:
Ֆութպոլիստը նախորդ ամառ Լիծ Եունայթըտէն միացած էր քաթալոնական կազմին` փոխան 75 միլիոն եւրոյի:
Նշենք, որ Ռաֆինիա Չաւիի գլխաւորած կազմին մէջ շատ յաճախ նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պարսելոնայի հետ ցարդ կատարած է 34 մրցում, նշանակած 7 կոլ եւ կատարած 9 էսիսթ: