ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Տիգրան ջա՛ն,
Ես այն մարդը չեմ, եւ ոչ ալ դուն այն ընկերն ես, որուն մահուան առիթով տխուր եւ յուզիչ խօսքեր արձանագրեմ… Հետեւաբար թոյլ տուր, որ պատմեմ մեր ուսանողական կեանքէն որոշ դրուագներ, որոնց ընթացքին կը բացայայտուի նաեւ քու պոլսահայ ազնիւ մարդու, ջինջ հայու եւ հաւատարիմ ընկերոջ ուսանելի կերպարը…
Ուրեմն.
Երեւանի պետական համալսարան, հոկտեմբեր 1971
Սիրելի՛ ընթերցող,

Ընկերներով Սարգիսի (Խաչատուրեան), Մինասի (Գոճայեան), Յակոբի (Չոլաքեան), Լեւոնի (Չուքասզեան), Վահանի (Սէթեան), Կարպիսի (Գույումճեան) եւ ուրիշներու հետ նստած էինք համալսարանի հին շէնքի ուսանողական ճաշարանը ու կը սրճէինք: Յանկարծ Տիգրանը, որ տարի մը առաջ Ամերիկայէն եկած էր Հայաստան` համալսարանի հայագիտական բաժինը ուսանելու, անակնկալօրէն մտաւ եւ տեղեկացուց, որ ռուս ուսուցչուհին մեզ կը սպասէ… Սարգիսը ըսաւ.
– Տիգրա՛ն, որոշած ենք այսօր ռուսերէնի դասին չմտնել, ներս եկուր:
– Չ՛ըլլար Շիշկօ, ես դասի պէտք է երթամ, ուսուցչուհին կը սպասէ, ամօ՜թ է…:
Սկսան վիճիլ, Տիգրանը կ՛ուզէր երթալ, իսկ Սարգիսը կը պնդէր որ մնայ, միւսները եւս անոր համաձայն կը թուէին ըլլալ: Ես միջամտեցի.
– Սարգի՛ս, ձգէ որ երթայ, ինչո՞ւ կը պարտադրես…
– Դուն դեռ նոր ես, չես ճանչնար զինք, այս «խիարը» հիմա պիտի երթայ եւ ռուս կնոջը պիտի ըսէ, որ տղաքը «պիւֆէն» նստած` սուրճ կը խմեն:
Տիգրանը, թէեւ տակաւին «խիարը»-ին իմաստը չէր հասկնար, այնուամենայնիւ վրդովուած` պատասխանեց.
– Հապա ի՜նչ պիտի ընեմ, սո՞ւտ պիտի խօսիմ…
Եւ իսկապէս Տիգրանը ո՛չ սուտ խօսիլ գիտէր եւ ո՛չ ալ կեղծել, ազնիւ ու վեհանձն մարդու մարմնաւորումն էր:
Հիւրանոց «Երեւան», յունուար 1972
Տիգրանին հօրեղբայրը` արմատներով պոլսահայ, Միհրան Թումաճան, տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներէն ներգաղթած էր հայրենիք եւ կը շարունակէր իր հաւաքած ու գրի առած երգերը դասակարգել ու նոթագրել` պատրաստելու համար ակադեմական հրատարակման: Իրեն տրամադրուած էր «Երեւան» հիւրանոցի Չարենցին ապրած սենեակը, որուն համար հպարտ էր: Գերազանցապէս զարգացած մարդ էր Միհրան Թումաճանը, որուն քով պարբերաբար կը հանդիպէինք: Ան Կոմիտասի նշանաւոր հինգ աշակերտներէն մէկն էր, մօտիկ ընկերը` Բարսեղ Կանաչեանի եւ միւսներուն: Մեզի համար մշակութային գետնի վրայ «գանձ» մըն էր ինք, տեղեկութիւններու շտեմարան մը, որովհետեւ անձամբ տեսած ու ճանչցած էր պոլսահայ բազմաթիւ գրողներ եւ մշակոյթի կերտիչներ, ինչպէս` Արմենակ Շահմուրատեան, էտ. Յովհաննիսեան, Վահրամ Փափազեան, Հրաչեայ Ներսիսեան, Հրաչեայ Աճառեանի նման այլ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց մասին հետաքրքրական զրոյցներ կ՛ունենայինք իրեն հետ: Մենք` Տիգրանի ուսանող ընկերներս, կը յարգէինք զինք ու պարբերաբար կը հանդիպէինք իր քով: Այդ օր վերոյիշեալ նոյն ընկերներով գացած էինք անոր Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը շնորհաւորելու: Ընթացքին, Թումաճանի թելադրանքով, Տիգրանը Պոլիսէն ղրկուած մեծղի կողով մը անուշեղէն մէջտեղ հանեց ու սկսաւ հիւրասիրել մեզ: Երբ Սարգիսին հասաւ հերթը, ան բողոքեց.
– Ի՞նչ է` աշակերտի պէս մէկ մէկ կը բաժնես, սեղանին դիր, որ շնորհքով ուտենք:
Տիգրանը անուշեղէնի տուփը Սարգիսին դիմաց դնելէ ետք, դարձաւ դէպի հօրեղբայրը եւ ըսաւ.
– Հափափըր Շիշկոն որկրամոլ է, եթէ իրեն ըսես շատ մի՛ ճաշակեր, կը սրդողի…
Կանխելու համար Սարգիսին զայրոյթը` ես ըսի.
– Տիգրա՛ն, փաքլաւային հայերէնով ի՞նչ կ՛ըսեն… գիտե՞ս:
– Նայի՛ր, Մոզը՛ս, փաքլաւային թերթանուշ կ՛ըսեն, իսկ եթէ կ՛ուզես գիտնալ քատայէֆին ի՞նչ կ՛ըսեն, անոր ալ թելանուշ կ՛ըսեն:
Այսպէս էր Տիգրանը, հայերէնը բառարանէն կը սորվէր: Ան «որկրամոլ»-ի եւ «սրդողիլ»-ի նման բազմաթիւ բառեր կը գործածէր: Օրինակի համար, հօրեղբօրը ձեռքի գաւազանին անթացուպ կ՛ըսէր, եւ կամ թոյլ ու հիւանդկախ ուսանողին դիւրաբեկ ածականը կու տար…
Երեւանի «Լենինի անուան հանրակացարան»-ի Բ. յարկ, 1974, գարուն
Եթէ Տիգրանը, յատուկ ժամադրութեամբ մէկուն քով երթար, կը նշանակէր, որ հարցը լուրջ է: Մտաւ ներս, դիմացս նստաւ, իբրեւ նախազգուշացման նշան` թեթեւ մը հազաց ու ըսաւ.
– Նայի՛ր, Մոզը՛ս, Անահիտը եւ ես պէտք է որ ամուսնանանք, սակայն ես չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս կամ ի՞նչ պէտք է ընեմ հիմա…
Ինծի համար շատ անսպասելի ու տարօրինակ էր հարցը: Առանց մտածելու` կատակի տուի ու ըսի.
– Տիգրան ջա՛ն, հայրս կ՛ըսէր` երբ ձի մը կամ զէնք մը առնես, պէտք է որ լաւ մը փորձես եւ ապա որոշես…
Տիգրանի պատասխանը բարկութենէ աւելի` յանդիմանութիւն կը պարունակէր.
– Մոզը՛ս, դուն անկի՛րթ ես: Կը կարծէի, թէ մուսալեռցի աւանդապահ մարդու հետ կը խօսիմ, որ խորհուրդ կու տայ ինծի, թէ ինչպէ՞ս, ո՞ւր եւ որմէ՞ Անոյին ձեռքը պիտի խնդրեմ… գիւղը` իր ծնողներէ՞ն, թէ՞ հօրեղբօրմէն, որ հոս` Երեւան կ՛ապրի:
Տիգրանը թէեւ նրբանկատ էր եւ խիստ մարդկային, սակայն` մեկնելով իր իրաւութենէն` չէր վարաներ ճշմարտութիւնը, ի հարկին յանցաւոր մարդոց ուղղակի ճակատին ըսելու:
Նոյն հանրակացարանի նոյն յարկը, 1975, Աշուն
1. Տիգրանը իր հօրեղբօր ՝ Միհրան Թումաճանի հետ 2. Տիգրանը եւ Մինասը
Ընկերներով Տիգրանին քով եկած էինք շնորհաւորելու նորածինը, զոր մկրտած էր իր հօրեղբօր` «Հափափըրի» պատուին` Միհրան: Առաջինը ես արտայայտուեցայ.
– Պրաւօ՛, Տիգրա՛ն, մէկ անգամէն տղայ մը բերիր, կը շնորհաւորենք…
– Օ՜, Մոզը՛ս, իմ դերս շատ չնչին էր այս գործին մէջ: Պէտք է Անահիտը գնահատել ու շնորհաւորել: Խեղճը ինքն է, որ ամիսներ չարչարուեցաւ… յատկապէս ծննդաբերութեան ժամանակ… տառապեցաւ… նոյնի՛սկ առանց իմ օգնութեան երեխան աշխարհ բերաւ…
Իմ սրամի՛տ ընթերցող, Տիգրանը այս պարագային չէր սրախօսեր: Մէկ կողմէն կ՛ուզէր գնահատել Անահիտին եւ առհասարակ կիներու դերն ու տառապանքը կեանք արարելու գործընթացին մէջ… միւս կողմէն` կը փորձէր նաեւ դաստիարակել ինծի պէս «անտաշ» գաւառացիները:
Նոյն տեղը, 1978, ձմեռ
Միհրանիկը կը մեծնար մեր աչքին առջեւ, աշխուժ, ուշիմ եւ համարձակ երեխայ մըն էր: Մենք` ես եւ Մարտիկը (Պոյաճեան), կը խաղայինք հետը եւ ընթացքին կը սորվեցնէինք նաեւ կռուիլ: Շատ չանցած, Տիգրանը երեխային ձեռքէն բռնած` եկաւ սենեակ: Միհրանիկը, երբ մեզ տեսաւ, նախ փաթթուեցաւ ինծի եւ ապա Մարտիկին անցաւ ու անոր ծունկերուն նստաւ: Տիգրանը առանց նախաբանի սկսաւ.
– Տղա՛ք, Միհրանիկը ձեզ շատ կը սիրէ, մենք ալ կը սիրենք, սակայն իրեն կռուիլ սորվեցնելով` դուք սխալ կը դաստիարակէք զինք: Անահիտը եւ ես որոշած ենք, որ մեր զաւակը խաղաղութեան մարտիկ պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ` կռուազան: Շատ կը խնդրեմ, որ ասկէ ետք ո՛չ զէնքի խաղալիք բերէք իրեն եւ ո՛չ ալ կռուիլ սորվեցնէք:
Մարտիկը հարցուց.
– Իսկ խաղալիքները ու՞ր են հիմա…
– Պահած եմ ապահով տեղ, հանդերձարանին ետեւը:
Ես զարմացած էի ու զայրացած: Միհրանիկը իսկապէս կը սիրէինք այնքան, որ մեր առօրեային մաս կը կազմէր, ու յաճախ կը փնտռէինք անոր ներկայութիւնը: Խնդիրը լրջացուցի եւ խստօրէն ըսի.
– Ի՞նչ է, ըսել կ՛ուզես, որ Միհրանիկը մեր քով պիտի չգա՞յ այլեւս…
– Ո՛չ, Մոզը՛ս, սխալ մի՛ հասկնար, երբ կ՛ուզէք` թող գայ, պայմանաւ որ ասկէ ետք ոչ զէնքի խաղալիք ցոյց տուէք իրեն եւ ո՛չ ալ կռուիլ սորվեցուցէք: Մենք այդպէս որոշեցինք:
– Չ՛ըլլար, Տիգրա՛ն, դուն եւ Անահիտը ի՞նչ իրաւունք ունիք այդպէս որոշելու…
– Ինչպէ՞ս թէ, մարդկային իրաւունքներ կան: Մեր զաւակն է, եւ մենք մեր ուզածին պէս պիտի դաստիարակենք, չէ՞…
– Միայն ձեր զաւակը չէ, Միհրանիկը հայ է, կը նշանակէ, որ նախ ազգին կը պատկանի եւ ապա` միայն ձեզի: Հայկոյին ծնողները` Արփին եւ Շահէն, կը վստահին մեզի, դուք ինչո՞ւ չէք վստահիր…
Չեմ հասկնար, այդ ի՞նչ տեսակ տրամաբանութիւն է, Մոզը՛ս, առաջին անգամն է, որ կը լսեմ, չեմ հասկնար, քու ուզածդ ի՞նչ է:
– Նայէ՛ Տիգրա՛ն, մեր ազգային պարտականութիւնն է հայ երեխաները դաստիարակել ու ինքնապաշտպանութիւն սորվեցնել, մենք մարտունակ ու կիրթ պատանիներ կը պատրաստենք, եւ ոչ թէ` կռուազան ու վայրագ փողոցային լակոտներ… Ասոնք տարբեր բաներ են, եղա՞ւ…
– Ձեզի ո՞վ իրաւունք տուած է ուրիշին երեխաները դաստիարակել… ձեր ուզածին պէս:
– Նախ`այս տեսակ իրաւունքը չի տրուիր, այլ կ՛առնուի: Մենք` մուսալեռցիներս, ատիկա վաստակած ենք մեր հազարամեայ փորձառութեամբ: Մենք ալ խաղաղութեան մարտիկներ կը պատրաստենք… Քունկ ֆուն ինքնապաշտպանական մարտարուեստ է եւ ոչ թէ` յարձակողական: Եւ նկատի առ, որ խաղաղութիւնը, «անկախութեան» նման, նուէր չի տրուիր, այլ ուժով կը նուաճուի ու կը պաշտպանուի… Հո՛ս նայէ, չըլլայ, որ Միհրանիկին արգիլես մեր քով գալ…
– Ի՞նչ է, կը սպառնա՞ս: Մեր տղան մե՛նք պիտի դաստիարակենք… մեր ուզածին պէս: Դուք իրաւունք չունիք մեր ընտանեկան ներքին գործերուն խառնուելու:
Հակառակ իր մեղմ ու մարդկային բնաւորութեան, Տիգրանը երեխային ձեռքէն բռնեց ու ըսաւ.
– Եկո՛ւր, տղա՛ս, եկո՛ւր, ասոնք այնճարցի են, խօսք չեն հասկնար…
Միհրանիկը դժկամութեամբ հետեւեցաւ հօրը… Քանի մը օր անցաւ, ու մենք զրկուած մնացինք այդ աշխուժ, ուշիմ ու համակրելի երեխայէն. տխուր էինք ու մտահոգ: Մարտիկը ամենայն լրջութեամբ ըսաւ.
– Այսպէս չ՛ըլլար, պէտք է որ ճար մը գտնենք ու Միհրանիկը ետ բերենք…
– Քեզի բան մը ըսեմ, Հայկոյին դրդէ, որ քանի մը հատ փակցնէ իրեն: Միայն հսկէ, որ վտանգաւոր բան մը չընէ…

Յաջորդ օրերուն քանի մը անգամ Միհրանիկը լալով գնաց ծնողներուն քով, սակայն` ոչ մէկ արձագանգ իրենց կողմէ: Երբ Մարտիկը յուսահատութեան նշաններ սկսաւ ցոյց տալ, ես թելադրեցի, որ շարունակէ…
Քանի մը օր ետք, անգամ եւս յատուկ ժամադրութեամբ, Տիգրանը Միհրանիկին ձեռքէն բռնած` մեր քով բերաւ ու ըսաւ.
– Մոզը՛ս, Միհրանիկը ինքնապաշտպանութեան պէտք ունի… այս աշխարհին մէջ: Անահիտը եւ ես ձեր խնամքին կը յանձնենք…
– Ինչո՞ւ, ի՞նչ պատահած է…
– Դուն իրաւունք ունիս, ընկերները կը ծեծեն զինք, ու ինք չի կրնար դիմադրել անոնց: Անահիտը մտահոգ է…
– Նայէ՛, Տիգրա՛ն, եթէ չես վստահիր, դո՛ւն դաստիարակէ…
– Օ՜, Մոզըս… ես պէտք է որ ձեզի պէս դաստիարակուած ըլլայի, որպէսզի կարողանայի դաստիարակել… տղաս:
– Շա՛տ լաւ: Անահիտին ըսէ, որ ասկէ ետք իր տղան ամուր ձեռքերու մէջ է, թող չմտահոգուի:
Ի վերջոյ Տիգրանը համոզուեցաւ, որ «Խաղաղութիւնը նուէր չի տրուիր, այլ ուժով կը շահուի ու կը պաշտպանուի…»: Ընդամէնը շաբաթներ ետք Միհրանիկը ընկերացաւ Հայկոյին հետ եւ… այս անգամ կռուազան երեխաները սկսան լալով տուն երթալ:
Տիթրոյիթ,1979, ամառ
1. Ձախէն աջ՝ Նորա Իփէկեան, Էլօ Հերկելեան, Մ. Հերկելեան, էտ. Ազատեան եւ Տիգրան Թումաճան 2. Ձախէն աջ՝ Նորա Իփէկեան, Զապէլ Պէլեան եւ Մ. Հերկելիան
Հոն էի` հանդիպելու եւ ուսումնասիրելու ամերիկահայ չորս կերպարուեստագէտներու (Սարգիս Սարգիսեանի, Զապէլ Խաչատուրեանի, Գեղամ Թազեանի եւ Նորա Իփէկեանի) ստեղծագործական կեանքը: Տիգրանը եւ Անահիտը (յղի ըլլալով հանդերձ) շաբաթէ մը աւելի ինձմով զբաղեցան: Գեղամ Թազեանէն ետք, Տիգրանը տարաւ ու ծանօթացուց Նորա Իփէկեանին, որուն ամուսինը` Էտ. Ազատեանը, գործնական գետնի վրայ զիս ներկայացուց պր. Ալեք Մանուկեանին, որուն մասին յատուկ երախտագիտական յուշեր պէտք է որ գրեմ: Ապա Տիգրանը Զ. Խաչատուրեանի եւ Ս. Սարգիսեանի ստեղծագործութիւնները ուսումնասիրելու համար ծանօթացուց զիս տոքթ. Կարապետ Պէլեանին, որ երաժշտութեամբ ու կերպարուեստով աւելի հետաքրքրուած կը թուէր ըլլալ, քան` ատամնաբուժութեամբ: Իր կնոջ` Զապէլի հետ անոնք կրցած էին գոյացնել այնպիսի հաւաքածոյ մը, որ իրենց բնակարանը (ըլլայ որակով թէ քանակով) ժամանակակից արուեստի թանգարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր…: Արուեստի հանդէպ մասնագիտական մօտեցում ցուցաբերող այս զոյգին մասին եւս հարկաւոր է առանձինն անդրադառնալ:
Իմ համբերատա՛ր ընթերցող,
Ամիսներ ետք, երբ ես արդէն իսկ վերադարձած էի Պէյրութ, այդ թէժ ու խիստ վտանգաւոր օրերուն նամակ մը ստացայ Տիթրոյիթէն: Նորածինի լուսանկար մը կար մէջը, որուն ետեւի կողմը Անահիտի եւ Տիգրանի ստորագրութեամբ գրուած էր «Արմէն անունով նոր ֆետայի մը ծնաւ Տիթրոյիթի մէջ, քու խնամքին կը յանձնենք, եկո՛ւր եւ տէր եղիր անոր»: Չեմ կարծեր, որ այս մէկը մեկնաբանութեան կը կարօտի…
Քառասուն տարի ետք, դարձեալ Տիթրոյիթ, 2019, օգոստոս

Հոն էինք կնոջս` Էլոյին հետ, այս անգամ` յատուկ գործով: Տիգրանն ու Անահիտը թոյլ չտուին, որ հիւրանոց իջեւանինք: Մեր հասած երրորդ օրն իսկ կազմակերպեցին ճաշկերոյթ մը ու հրաւիրեցին իմ ծանօթներէս ու ընկերներէս շատեր, ինչպէս` կերպարուեստագէտ Գեղամ Թազեանը, գեղանկարիչ Նորա Իփէկեանը, յայտնի մտաւորական ու լրագրող Էտ. Ազատեանը, ժամակակից արուեստի ցուցասրահի տէր եւ հաւաքորդ տիկ. Զապէլ Պէլեանը (դժբախտաբար տոք. Կարապետը անդարձ մեկնած էր) ու Ճիմի եւ Ժենիա Տէրեանները:
Սեղանի շուրջ բնականաբար յիշեցինք ուսանողական մեր կեանքը ու սկսանք որոշ դրուագներ պատմել իրարու: Երբ Միհրանիկի բաժինը կը պատմէի, յանկարծ ինք հեռաձայնեց Լոս Անճելոսէն. Միհրանն էր (ԱՄՆ-ի Հայկական Համագումարի Արեւմտեան շրջանի տնօրէնը): Տիգրանը տեղեկացուց անոր, որ ես իր մանկութեանը վերաբերող պատմութիւն մը կը պատմեմ: Ուզեց լսել ու լսելէ ետք հարց տուի.
– Միհրան ջա՛ն, կը յիշե՞ս զիս եւ Մարտիկը, որ կռիւ-կռիւ կը խաղայինք հետդ…
Ան պատասխանեց.
– Թէեւ ձեզ կը յիշեմ, սակայն կռիւի պարագան շատ յստակ չէ ինծի համար:
– Իսկ հիմա՞…
– Ես հանդարտաբարոյ եւ խաղաղասէր մարդ եմ, սակայն եթէ պոչիս կոխեն կամ վիրաւորեն զիս, յատկապէս` ազգային գետնի վրայ, հարցը կը փոխուի…
Իմ խիզա՛խ ընթերցող, չե՞ս կարծեր, թէ այս մէկն ալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր…
1977-ին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին Տիգրանը կ՛ըսէ. «Ամերիկայում այժմ գոյացել է մեծագոյն հայ գաղթօճախ, որը տառապում է հայոց լեզուի չիմացութեամբ եւ հայրենաբաղձութեամբ: Իմ եւ հայածին կնոջս` Անահիտի կոչումը կը լինի հնարաւորին չափով ամոքել հեռաւորութեան ցաւը եւ մերձեցնել սփիւռքի հայութեան հոգիները մայր հողի հետ»:
Այդպէս ալ ըրին ինք եւ Անահիտը:
Տիգրանը մինչեւ մահ հայերէն եւ հայագիտական դասեր կը դասաւանդէր Տիթրոյիթի Ալեք Մանուկեանի անուան դպրոցէն ու Ուէյն համալսարանի արեւելագիտական բաժնի Հայագիտականի ամպիոնէն ներս: Իսկ Անահիտը` մինչեւ օրս կը շարունակէ հայերէն ուսուցանել եւ հայեցի դաստիարակութիւն տալ աշակերտներուն, նոյն դպրոցին մէջ: Անոնց երեխաները` Միհրանը, Արմէնն ու Անին, կատարեալ հայերէն կը խօսին, կը կարդան ու կը գրեն…
Իմ արդարամի՛տ ընթերցող, աւարտելէ առաջ չեմ կրնար հոս փակագիծ մը չբանալ եւ երկու խօսք չըսել նաեւ իմ լաւագոյն ընկերներէն` քեսապցի Ճիմիին մասին: Ան ծնած եւ մեծցած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ: Երբ տակաւին, իբրեւ իրաւագիտութեան ուսանող, կը յաճախէր Միշիկընի Ուէյն համալսարանը, ընդմիջելով ուսումը` Հայաստան եկած էր հայերէն սորվելու… մէկ տարուան ծրագիրով միայն: Հայրենիքէն վերադարձէն ետք, իր նախաձեռնութեամբ եւ Ալեք Մանուկեանի նիւթաբարոյական աջակցութեամբ, Ուէյն համալսարանի մէջ ստեղծուեցաւ հայագիտական ամպիոն: Հետագային ինքնաշխատութեամբ այնքան կատարելագործեց իր մայրենի լեզուն, որ ան շրջան մը հայերէն դասաւանդեց Ուէյն համալսարանի գերմանօ-սլաւոնական բաժնի հայագիտութեան ամպիոնէն ներս: Անոր երկու երեխաները` Վանը եւ Լորիկը, նոյնպէս կատարեալ հայերէն կը խօսին, կը կարդան ու կը գրեն, ասոր մէջ մեծ դեր ունի նաեւ իր կինը` Ժենիան:
Իսկ Տիգրանը, հակառակ անոր որ ծնած եւ մեծցած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ, չկրցաւ ըլլալ ամերիկահայ: Շուրջ տասը տարի ուսանելով ու ապրելով հանդերձ Հայաստանի մէջ, չկրցաւ ըլլալ նաեւ արեւելահայ: Ան սփիւռքահայ ալ չեղաւ, այլ մնաց իր արմատներուն հաւատարիմ` իբրեւ մաքուր պոլսահայ, որոնց մասին մեր արդարահատոյց հերոսներէն` Արշաւիր Շիրակեան բառացիօրէն կ՛ըսէ. «Ի պատիւ իրենց… թուրք կառավարութեան գործակից հայանուն մատնիչներուն մէջ մէկ հատիկ պոլսահայ չկար»:
Մոնրէալ, դեկտեմբեր 2022




