Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիմնադիր Սերունդի Ոգիով Եւ Յեղափոխական Կամքով

Նոյեմբեր 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երկու տարի անցած է արդէն 44-օրեայ պատերազմէն, որուն ընթացքին մենք ազգովին կրեցինք մեր վերջին երեսուն տարուան պատմութեան քաղաքական եւ զինուորական ամէնէն ծանր պարտութիւնը, այդ պատերազմին հետեւանքներն ալ շատ ծանր էին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն համար, այդ հետեւանքները անընդհատ իրենք զիրենք կը վերարտադրեն ու կը խորանան հայութեան եւ Հայոց աշխարհի վիրաւոր մարմիններուն վրայ:

Արցախը կորսնցուցած է նախքան պատերազմը իր վերահսկողութեան տակ գտնուած հայկական պատմական հողերուն 80 առ հարիւրը, եթէ նախապատերազմեան կարգավիճակով Արցախի Հանրապետութիւնը քիչ թէ շատ իբրեւ անկախ պետութիւն կայանալու նախադրեալներ ունէր, ապա հիմա այդ երկրամասի բուն կարգավիճակը բաւական անորոշ եւ մշուշոտ եղած է, հազարաւոր տեղահանուածներ կան, իսկ պետութիւնը, հասարակական կազմակերպութիւնները թէ ազգային առողջ ուժերը պարտադրանքին տակ կը գտնուին հասնելու ժողովուրդի ընկերային հարցերու լուծման եւ բարձրացնելու անկում ապրած անոր ազգային կորովը:

Ազրպէյճանցի թշնամին ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք, բռնագրաւած է ռազմավարական դիրքեր, որոնց ակնարկութիւն կատարելով,  վերջերս կը յոխորտար Պաքուի բռնապետը` աւելի եւս լրբանալով եւ իր սպառնալից հռետորաբանութեան չափ ու սահման չճանչնալով, քաջալերուելով մանաւանդ Հայաստանի իշխանութիւններուն անկարողութենէն եւ ապիկարութենէն: Հայոց աշխարհը եւ հայութիւնը ներկայ ճակատագրորոշ փուլին յիրաւի կը դիմագրաւեն երբեւէ իրենց սպառնացած ամէնէն վտանգաւոր գոյութենական ճգնաժամը` համաթուրանական ծրագիրի անընդհատ յառաջխաղացքին պատճառով: Ծրագիր մը, որուն քողարկումը կը կատարուի շրջանին մէջ իրենց ներկայութիւնը ունեցող մեծ պետութիւններու կայսերապաշտական շահերով: Այսօր փաստօրէն մենք շրջանցած ենք 9 նոյեմբեր 2020-ի պարտուողական, յանձնուողական յայտարարութեան փուլը: Իբրեւ առանձին գործօնի` շրջանին մէջ մեր ապագայ դերակատարութիւնը ներկայիս կը պայմանաւորուի մէկ փաստաթուղթով, այդ ալ 15 յունիս 2021-ին բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ Անգարայի եւ Պաքուի բռնապետներուն ստորագրած հռչակագիրն է: Եւ այնքան ատեն որ կայ Շուշիի անունով ճանչցուած այս հռչակագիրը, այնքան ատեն որ Անգարան եւ Պաքուն անխոչընդոտ կը զարգացնեն իրենց միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ դաշնակցային յարաբերութիւնները, միաժամանակ թափ կու տան իրենց միջեւ համարկումին ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ, այնքան ատեն որ այդ հռչակագիրը իբրեւ գաղափարախօսական զէնք գործածելով` չարիքի դաշինքի երկու երկիրներն ալ անընդհատ իրենց հռետորաբանութեան մէջ կը գործածեն համաթուրանական «Զանգեզուրի միջանցք»-ին եզրոյթը, իսկ մեր կարծեցեալ բարեկամները գործնական բան չեն ըներ մեզի սպառնացող գոյութենական սպառնալիքները չէզոքացնելու համար, ապա ուրեմն մենք` իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, պիտի ձախողինք շրջանին մէջ մեր դերակատարութիւնը ունենալ իբրեւ ինքնուրոյն գործօն:

Պատերազմէն ետք եւ մինչեւ հիմա Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր այն հիմնական գաղափարական ուժը, շարժումը, որ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով, կոչերով, քաղաքական նախաձեռնութիւններով, գլխաւորաբար իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Հայրենիքի փրկութեան թէ Դիմադրութեան շարժումներով եկաւ հայ ազգի զանգուածներուն ուղղելու այն պատգամը, որ պէտք չէ իյնալ պարտութեան պատճառած յուսախաբութեան եւ հիասթափութեան ոլորապտոյտին մէջ: Եթէ կ՛ուզէք, այդ շարժումները, նախքան իշխանափոխութեան նպատակը հետապնդելը, նախքան գործող ապիկար իշխանութիւններուն յանձնուողական յաւելեալ քայլերը կանխարգիլելը, կը միտէին հայ մարդուն գիտակցութեան մէջ ամրացնել այն միտքը,  որ պարտուողական համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, իսկ միւս կողմէ` հայկական ինքնուրոյն գործօնը փոշիացնող համաթուրանական փաստաթուղթերը եւ նկրտումները` ասոնք բոլորը ճակատագիր չեն:

Հայոց աշխարհի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին ներկայիս խոր հիասթափութիւնը տիրական է, կարծես կարելի չ՛ըլլար ազգային ուժերը մէկտեղող ամուր համախմբումը ստեղծել մէկ ընդհանուր տեսլականի շուրջ, որ թափ պիտի հաղորդէ մեր վերազարթօնքին: Երբ հայ կեանքին վերաբերող այս իրականութիւնը կը տեսնենք, մեր աչքին առջեւ կու գան նախորդ աւելի քան հարիւր տարիներու պատմութեան դրուագները, մանաւանդ` Հայկական Յեղափոխութեան հերոսական պատումները: Կը խօսին պատմութենէն դաս քաղելու մասին… Ամէն անգամ որ ապտակ մը կերած ենք, հայութեան մէջ թափանցած է պարտուողականութիւնը, յուսախաբութիւնը, հիասթափութիւնը: Իսկ այս ժխտական ու բացասական երեւոյթները թօթափելու համար մեր յեղափոխական ճարտարապետները` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երախտաւորները, յղացած են Խանասորի արշաւանք, Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւն, համաժողովրդային դիմադրութիւն ռուսական ցարական իշխանութիւններուն` ընդդէմ Հայ եկեղեցւոյ կալուածներու բռնագրաւման, աննման ֆետայական շարժում եւ զինատար թէ պատժիչ խումբեր, յղացած են «Նեմեսիս» գործողութիւն եւ այլեւայլ նախաձեռնութիւններ, որոնք հայ մարդուն ճակատը բարձր պահած են` ի վերջոյ հայ զանգուածները համախմբելով ազատ, անկախ եւ միաւորուած Հայոց աշխարհի տեսլականին շուրջ:

Ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի յառաջատար կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան,  հիմնադրութենէն 132 տարի ետք: Պատգամը միեւնոյնն է` չյանձնուիլ պարտուողական հոգեբանութեան, չընկրկիլ քաղքենիացման եւ պահպանողականութեան յորձանուտին առջեւ, այլ` ոտքի կանգնիլ, կազմաւորել Հայաստանի ու հայութեան 21-րդ դարու  երրորդ տասնամեակին յարիր ազգային տեսլականը եւ անոր շուրջ համախմբել հայութեան առողջ ուժերը` յաւերժացնելու համար մեր գոյութիւնը արեւուն տակ: Մի՛շտ զինուած հիմնադիր սերունդի պայքարի ոգիով եւ յեղափոխական անյողդողդ կամքով: Մի՛շտ յիշելով այդ մեծերուն անմահ պատգամները` «Պատռե՛լ է պէտք…», «Խօսքը առանց գործի` մեռեա՛լ…», «… Յեղափոխութիւնը գո՛րծ է գաղափարի համար…»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Տօնակատարութիւն-2022

Յաջորդը

Վայրկեան Մը Յոտնկայս (ՀՅԴ-ի 132-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը
Անդրադարձ

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Յունուար 28, 2023
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2023
Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In