Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 77 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան, որ մրցեցաւ մոլտովացի Ալեքսանտր Կութուի դէմ` արձանագրելով 7-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը, հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:
Ամոյեան կիսաւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց ճափոնցի իր մրցակիցին դէմ` 9-5 արդիւնքով, իսկ անկէ առաջ` քառորդ աւարտականին, իր խըրխըզ մրցակիցին դէմ` 2-1 արդիւնքով:
Ամոյեանի նման թէեւ աւարտական հասած էր նաեւ Գէորգ Թադէոսեան, սակայն հայրենի ըմբիշը չկրցաւ Ամոյեանի իրագործածը կատարել եւ հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
87 քկ դասակարգին մէջ, Թադէոսեան, որ կիսաւարտականին 6-4 արդիւնքով յաղթած էր ղազախ Մաքսաթ Սայիլաուիին, աւարտականին չկրցաւ շրջանցել հունգարացի Իսթվան Թաքաչիի արդիւնքը եւ անկէ 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով բաւականացաւ փոխախոյեանի կոչումով:
Իսկ 63 քկ դասակարգին մէջ Հրաչեայ Պօղոսեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` վճռորոշ գօտեմարտին ընթացքին յաղթելով ուքրանացի իր մրցակիցին` Մաքսիմ Լիուի:


