Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Ա. խմբակին մէջ կատարուած Լիւքսամպուրկ-Հայաստան մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով:
Լիւքսամպուրկ արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը` իր կոլը նշանակելով մրցումին 4-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Մարիամ Ստեփանեան: