Այս հարուստ ու ճոխ բովանդակութեամբ գիրքին մէջ տեղ գտած սքանչելի գրութիւնները դժբախտաբար կարելի չէ վերծանել մէկ առ մէկ, սակայն փոքր մէջբերումներով կարելի է բոյր մը տալ յօդուածագիրներու ակնածանքին ու հիացմունքին` «Իմացական անձին», «խորագէտ աստուածաբանին», միջեկեղեցականին, շինարարին եւ մարդուն մասին: Գրութիւնները վարար գետի մը նման կը հոսին ու կը շլացնեն ընթերցողը, սակայն չեն սպառեր վեհափառ հայրապետին տարիներու ընթացքին իր հոգիին մէջ ամբարուած ու եռացող ապրումները, ըմբռնողութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը:
Ահա՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին քսանհինգամեայ արարումներուն մասին աշխարհ մը վկայութիւններ եւ հանգանակը, որ գործով կ՛արդարանայ: Ահա՛ բազում յօդուածագիրներ, որոնք կու գան հիւսիսէն ու հարաւէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ, տակաւին, կու գան իր ժողովուրդի ծոցէն, եւ որոնց կրած տպաւորութիւնները` անջնջելի կերպով դրոշմուած անոնց սրտին ու մտքին վրայ, կու տան իրենց «հոգու պարտքը» իրենց հովիւին սրտառուչ միանգամայն հպարտութիւն ներշնչող կոթողական գործին առջեւ: Ահա՛ վաւերական Վկայարանը` քանդակուած իր զաւակներուն կողմէ, որ կը յանձնուի պատմութեան` ի փառաւորութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին լուսափայլ անձին ընդմէջէն:
****
Ինչո՞ւ այս գիրքը: Ի՞նչ կը պատգամէ եւ ի՞նչ կը ներշնչէ այնտեղ պատկերուող տիպարը:
Այս գիրքին մէջ ընթերցողը կը գտնէ վեհափառ հայրապետը իր բարձունքին վրայ, կ՛ընկալէ համապարփակ ներկայացումը անոր անձին ու գործին, ստեղծագործական տարիքի ամենաբեղուն շրջանին` գագաթին: Կը հաստատէ քսանհինգամեայ աշխատանքով վաստակած վիթխարի գործունէութիւն մը` ժամանակակից ազգային եւ համաշխարհային իրադարձութիւններուն մէջ, ու մեր ժողովուրդին համար` պատուաբեր անուն մը: Կը գտնէ միջկրօնական, միջեկեղեցական ու համազգային յարաբերութիւններով եւ տարածուն ու բազմատեսակ ծանօթութիւններով հարստացած, Անթիլիասը` վերածուած մշակութային լուսաւոր ու ճառագայթող կեդրոնի մը` վսեմ ձգտումներու, միջազգային հարթակի մը` համամարդկային իտէալներու, իրականացնելով Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին երազը` «եռացող մշակութային փեթակի մը վերածել կաթողիկոսութիւնը»:
Հաւաքեց մտաւորականութիւնը իր շուրջը, կազմակերպեց կաթողիկոսութեան արխիւները, ձեռագիրները, «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնը, կազմակերպեց համագումարներ` ինքնութեան, արեւմտահայերէնի պահպանման, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարդարձի եւ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հիմքերուն, 100-ամեակի շրջանային եւ թեմական մարմիններուն հետ: Բազմաթիւ հրատարակութիւններով, աւելի քան` քառասուն, հարստացուց կաթողիկոսութեան գրադարանը մշակելով` «մտաւորական այն դաշտը, ուր կարելի է աճեցնել հայութեան կեանքի յաւերժական սերմերը», բնորոշելով զինք իբրեւ մտաւորական վեհափառը:
Եւ տակաւին, գեղեցիկ ու աննախընթաց իրագործումներով` «Թռչնոց բոյն»-ի թանգարան թէ արխիւատուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած յուշակոթող, թէ եպիսկոպոսարան, Պիքֆայայի մատուռ, յուշահամալիր, թէ վանքի հրապարակ ու մատենադարան` բոլորը հարստացուցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` նոր սլացք տալով անոր առաքելութեան եւ անոր ճանաչողութեան ծիրը ընդլայնելով միջազգային հանրութեան մօտ:
Աւելի՛ն. գիրքը կ՛անդրադառնայ մեր կեանքը փոթորկող իրականութիւններուն ու վեհափառի առած քայլին` պահու հրամայականէն բխած. Կիլիկեան Աթոռին ունեցած մտահայեցողութեան ու մտասեւեռումին, սփիւռքի գոյութեան եւ ինքնութեան պահպանման կռիւին ու սփռած լոյսին, օրուան իրադարձութիւններուն ու դէպքերուն եւ ժամանակի շունչին մասին: Անհատի մը պատմութեան ընդմէջէն իր ժամանակին յարուցուող հարցերը կ՛արծարծէ` իր կեանքին առնչուող, սակայն եկեղեցագիտական, համաշխարհային համահայկական մտահայեցողութեան մասին է գիրքը, իր ժողովուրդին ձգտումներուն, ձեռքբերումներուն ու փիլիսոփայութեան մասին է, որ կ՛արտացոլայ իր գրական, շինարարական, եկեղեցական ձեռնարկութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն ընդմէջէն: Այդ իրագործումները ուրիշ ոչինչ են, քան` իր ժողովուրդին տեսլականէն բխած կատարումներ, որոնք ձեռք բերուեցան շնորհիւ անոր խանդին ու արկածախնդիր խիզախութեան` ներքաշուելու մեծ ծրագիրներու մէջ, յանգելով առասպելական իրագործումներու: Եւ տակաւին, հայրենիքին ու սփիւռքին ցաւերուն, սպառնալիքներուն, հայ ժողովուրդի լինելութեան կռիւին, իր համոզումներուն, հաւատամքին ու յանձնառութիւններուն մասին է գիրքը, որ ընթերցողը կը վկայէ յոբելեարին իրագործումներուն ընդմէջէն:
Իր ժողովուրդի կարիքներուն ու ցաւին կշռոյթով պայմանաւորուած կաթողիկոսութեան 25-ամեակի արգասիքն է, որ կը յանձնուի պատմութեան` յանձնելով մեր ժամանակներու շունչն ու ոգին: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք էր գրուէր այս գիրքը, որ ո՛չ միայն Կիլիկեան կաթողիկոսութեան մատենագրութիւնն է, այլ անով կը հարստանայ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
Քսանհինգամեայ բազմահմուտ եկեղեցականին գործունէութիւնը` իբրեւ պատգամ, իբրեւ տեղեկութիւններու անսահման շտեմարան, իբրեւ վկայագիր, պէտք էր յանձնուէր հասնող սերունդներուն, կարդալու եւ իմանալու կերպարն ու տիպարը` անստգիւտ կրօնաւորին, յառաջապահ եկեղեցականին, միջազգային փայլուն դէմքին, Մարդուն, որուն կեանքը եղաւ միայն գործ եւ արարում:
Այս գիրքով հասնող սերունդները, որոնք պիտի գան տակաւին եւ Հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը իրենց կեանքին նպատակն ու իմաստը պիտի դարձնեն, պիտի ներշնչուին անոր կերպարով, իրենց հոգիին թելադրականութեամբ պիտի քալեն միեւնոյն ճանապարհէն, պիտի իմանան, թէ գործն ու բանը կը բխին մեր իրականութիւնէն, մեր տագնապներէն, մեր մտատանջութիւններէն ու ժամանակներու պարտադրած հրամայականներէն, եւ թէ միայն գործով ու արարումներով է, որ կաթողիկոսն ու կաթողիկոսութիւնը կը մեծնան ու կը մեծարուին:
Այս գրքին մէջ վեհափառը ներշնչումի աղբիւրէ է, որ հազարաւորներու զգացումները կ՛ամփոփէ իր մէջ, իր անձին մէջէն դուրս կը ժայթքէ հայոց պատմութիւնը` իբրեւ ոգի: Հոն է մեր անցեալը իր արիւնալի յուշերով, հոն է մեր ներկան իր մրրկայոյզ տագնապներով, հոն է նաեւ մեր ապագան` հրավառ գալիքի յոյսերով փողփողուն: Ահա թէ ի՛նչ կը պատգամէ եւ ինչո՛ւ պիտի գրուէր այս գիրքը: Յիշատակարան մը` կանգնեցուած վեհափառ հայրապետին ոգիին ու լինելութեան:
Հանգիտաբար, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եղաւ` «Վանքը, որ դարեր ու դարեր մնացած է ընդունարան ամբողջ մեր երկրի ներքին ուժերուն, հակատարր ձգտումներուն, բիւրաւոր հոգիներուն շատ հզօր տագնապներուն: … Վանքը` տեսակ մը խորհրդաւոր վառարան, որ իրեն կը քաշէր հոգեղէն բոլոր ճառագայթումները, խորունկէն փրթած բոլոր վերելակող ուժերը պատրաստելու համար, ինչ որ մշակոյթի հոգի կ՛անուանենք»:
«Մեր հոգեղէնը թորեցին մեր վանքերը: Նայեցէք անոնց ու մեր լեռներուն: Ըսել, թէ անոնք երկուքն ալ կը նային երկինք, կը ձգտին անոր, մանրանկար երկինքն են արդէն…»:
Այս տեսլականով ու այս հոգիով գործեց ու լծեց շուրջինները եւս աշխատանքի` ստեղծելով աշխատանքի իւրօրինակ հրետանի մը, որուն լծափոկը ամուր պահեց իր ձեռքերուն մէջ` ուղղութիւնն ու նպատակը չշեղելով իր հունէն: Վարչագէտ մը, որ բծախնդրութեամբ ձգտեցաւ կատարեալին` պահանջկոտութեամբ եւ ճշդապահութեամբ, կարգապահութեամբ եւ օրինապահութեամբ անդողդոջ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Հետեւաբար զարմանալի չէ նաեւ, որ գործն ու վաստակը պատահականութեան չձգուէին:
Յորդահոս այս գեղեցիկ պատկերներուն առջեւ ընթերցողը կը մղուի վեհափառին 25-ամեայ արգասիքին առջեւ` մտածելու, վերլուծելու, ու հիացած անոր խոյանքին ու տաղանդին փայլատակումովը` կը հաստատէ, թէ ինչի՛ որ ձեռնարկած է, աւարտած է կատարելութեամբ եւ փոխակերպած` գեղեցկութեամբ:
«Արժեւորում եւ վկայութիւններ»-ը երախտիքի յուշարձան մըն է` արժանաւորին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ շքեղաշուք հայրապետին:
Բարի՜ երթ, սիրելի՛ վեհափառ, դէպի հոգեւոր նոր փայլատակումներու ու ծագումներու:
(Շար. 2 եւ վերջ)
22 օգոստոս 2022