Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ կատարուող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Ողիմպիական խաղերու ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, նախորդ շաբաթավերջին 97 քկ դասակարգին մէջ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 3-1 արդիւնքով յաղթելով աշխարհի գործող ախոյեան իրանցի Մոհամետ Հատի Ապտալլա Սարավիյիի:
Հայաստանի ներկայացուցիչը աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ պուլկարացի Քիրիլ Միլենով Միլովը:
Նշենք, որ Ալեքսանեան քառորդ աւարտականին յաղթեց Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչին, իսկ անկէ հանգրուան մը առաջ` իր թուրք մրցակիցին:
77 քկ դասակարգին մէջ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան, որ մրցեցաւ սերպ Վիքթոր Նեմեսի դէմ, տիրացաւ պրոնզէ մետալին` արձանագրելով 7-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
63 քկ դասակարգին մէջ, թէեւ Հրաչեայ Պօղոսեան քառորդ աւարտականին 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր սերպ մրցակիցէն, սակայն ճակատում մը եւս ունի կատարելիք, որովհետեւ իր սերպ մրցակիցը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:


