Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի գործավարը` Ժորժէ Մենտես, կը շարունակէ իր աշխատանքը, նոր ակումբ մը գտնելու համար փորթուգալցի 37 տարեկան ֆութպոլիստին:
Ռոնալտօ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ միանալու համար կազմի մը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս տարեշրջանի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Նշուեցաւ, որ Մենտես այժմ կը բանակցի իտալական երկու խումբերու` Նափոլիի եւ Ա. Սէ. Միլանի հետ:
Կը նշուին նաեւ երկու այլ ակումբներու` փորթուգալեան Սփորթինկ Լիզպոնի ու ֆրանսական Մարսէյի անունները:
Ռոնալտոյի պայմանագրութիւնը մանչեսթըրեան ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:


