Հայկական արմատներ ունեցող ռուս ֆութպոլիստ Արսէն Զաքարեան շատ հաւանական է, որ տեղափոխուի Չելսի, այս մասին յայտնեց ռուսական մամուլը:
Ներկայիս ան մինչեւ 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Տինամօ Մոսկուայի հետ:
Ան ռուսական ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 52 մրցումի, նշանակած 13 կոլ եւ կատարած 16 էսիսթ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, լոնտոնեան ակումբը 19 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 15 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ անոր պիտի առաջարկէ 7 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 1,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Նշենք, որ ան ճանչցուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի Ռուսիոյ լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը:


