«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ յայտնած է, որ Ազրպէյճան հսկողութեան տակ առած է Բերձոր աւանը եւ Աղաւնոյ ու Սուս գիւղերը:
«Այսօր մենք` ազրպէյճանցիներս, վերադարձանք Լաչին (Բերձոր) քաղաք, ազրպէյճանական բանակը տեղակայուած է Լաչինի մէջ: Զապուխ (Աղաւնոյ) եւ Սուս գիւղերը հսկողութեան տակ են», գրած է Ալիեւ:
Լեռնային Ղարաբաղի ներքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի օր յայտնած էր, որ Արցախը Հայաստանին կապող ճամբու Բերձորի (Լաչին) հատուածը բաց է, ազատ ու անվտանգ երթեւեկը կ՛ապահովեն ռուս խաղաղապահները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքը, ինչպէս նաեւ Աղաւնոյ եւ Սուս գիւղերը յանձնուած են Ազրպէյճանին:
«Մենք յոյսով ենք, որ այս փաստը, որ կարեւոր քայլ դարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ, պիտի նպաստէ շրջանային կապերու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու բարելաւման: Թուրքիան, ինչպէս նախապէս, պիտի շարունակէ աջակցիլ եղբայրական Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:


