Պատրաստեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրը ընթացք առաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ, 1 յուլիսին եւ պիտի երկարի միչեւ 17 օգոստոս: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու համար «Ազդակ» զրուցեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի հետ:
Ամառնային դպրոցի մասնակիցները 5-12 տարեկան երեխաներ են եւ այս տարի երեք խմբակներու բաժնած են` «Արցախ», «Քամանչա» եւ «Բարսեղ Կանաչեան»: «Իւրաքանչիւր խմբակի անունը դիտումնաւոր կերպով դրած ենք. «Արցախ», որպէսզի Արցախի մասին տեղեկութիւններ փոխանցենք, ինչպէս` Արցախի 2020-ի պատերազմը, մեր սփիւռքահայերուն մտահոգութիւնը եւ զոհերու նկատմամբ յարգանքը, «Քամանչա»` նպատակ ունենալով ծանօթացնել հայկական գործիքները, իսկ «Բարսեղ Կանաչեան»` նկատի ունենալով, որ Բարսեղ Կանաչեանի մահուան 55-ամեակն է», յայտնեց ան:
Ըստ անոր, Համազգայինի ամառնային դպրոցի նպատակը կը տարբերի միւս դպրոցներէն, որովհետեւ զուտ մշակութային ծրագիր է, աշակերտները կը սորվին` երգ, պար, թատրոն, գծագրութիւն, կաւով աշխատանքներ: Այս տարուան համար նորութիւնը հիւսքն է` գորգագործութիւնը, մոմի պատրաստութիւնը, նաեւ հետաքրքրական խաղի մթնոլորտ մը` «bath ball»-ը, որուն ընթացքին պզտիկները պիտի սորվին գունաւոր գնդակները պատրաստել: Կայ իւրաքանչիւր մարզի համապատասխան ուսուցիչ, որ իր նիւթը կը դասաւանդէ: Կայ նաեւ գործիքներու ծանօթացում, որուն համար «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչները շաբաթը անգամ մը կ՛այցելեն եւ աշակերտներուն կը սորվեցնեն գործիք մը: Ամառնային դպրոցը կը ներառէ նաեւ դասախօսական ծրագիրներ` մշակոյթ, արուեստ, առողջ միտք մէկտեղելու նպատակով: Դասախօսութեան նիւթերն են` առողջ միտք առողջ մարմին, առողջ կենցաղ, առողջ ապրելակերպ, մարզանք, բռնածաղր, խոհանոցի առողջութիւն, թէ ինչպէս պէտք է մեր խոհանոցը մաքուր պահենք, որպէսզի մենք ալ առողջ ըլլանք, որովհետեւ մեր ուտելիքները խոհանոցի մէջ կը պատրաստուին: Ամառնային դպրոցին մէջ արգիլուած է հեռաձայն եւ համակարգիչ գործածել: Պատասխանատուները կը փորձեն կէս օր պզտիկները հեռու պահել համացանցէն եւ ընկերային կայքերու մթնոլորտէն:
Շաբաթական դրութեամբ կ՛ընտրուին լաւագոյն աշխատող աշակերտները, որոնց վկայագիր կը յանձնուի, որպէսզի յաւելեալ թափով աշխատին:
«Ամառնային դպրոցին մէջ ունինք նաեւ արտադասարանային դպրոցական ծրագիրներ եւ աշխատանքներ, որոնք պիտի իրագործենք ուրբաթ օրերը, ինչպէս` մարզական օր եւ այլն:
«Աշակերտներուն նախաճաշը, ինչպէս` բանջարեղէններ, պտուղներ, մենք կ՛ապահովենք օրական դրութեամբ: Հոս կ՛ուզեմ Տիկնանց միութեան եւ կեդրոնի անձնակազմին շնորհակալութիւն յայտնել, որ ձեռք ձեռքի տալով` ճիգ չեն խնայեր եւ ամէն օր նոր թափով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: Մենք առաջին օրէն այնպէս մը կ՛աշխատինք, որ մեր ծրագիրը ըլլայ հանդէսի պատրաստութիւն, երգեր, պարեր, թատրոն, եւ այդ բոլորը 17 օգոստոսին հանդէսի ընթացքին կը ներկայացուի ծնողներուն: Այս տարուան հանդէսին անակնկալ մըն ալ ունինք: Յիշեցնեմ, որ ձեռային աշխատանքները, գծագրութեան գործերը, կաւի, մոմի պատրաստութիւնը, գորգագործութիւնը եւ հիւսքը հանդէսի օրը կը ցուցադրուին ծնողներուն ցուցահանդէսի մը ընդմէջէն:
«Կ՛ուզեմ ըսել, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը մէկ օր պիտի այցելէ մեզի եւ առողջապահական ամբողջ օր մը պզտիկներուն մարմնի, աչքի, ակռայի քննութեան սպասարկութիւնը պիտի ընէ:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւնս յայտնել ամբողջ անձնակազմին, պատասխանատուներուն, տնտեսներուն, հայրիկին, Տիկնանց յանձնախումբին, որոնք ձեռք-ձեռքի տալով` աշխատեցան, յանձնախումբին, որ մօտէն կը հետեւի, նաեւ շնորհակալութիւն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ մեր կեանքի դժուարին օրերուն եւ այս ժխորին մէջ քաջութիւնը ունեցաւ անկիւն մը ստեղծելու, տեղ մը, վայր մը, կեդրոն մը` նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար, որպէսզի անոնք իրենց երազները իրականացնեն, որովհետեւ անցեալ տարուան մեր փորձառութենէն մեկնած` «Քորոնա»-ի ծանր օրերուն, ամառնային ծրագիրէն մենք ունեցանք աշակերտներ, որոնք որպէս գեղարուեստի դպրոցի անդամ աշակերտ արձանագրուեցան եւ ուղի մը ճշդելով կը շարունակեն իրենց նախասիրած արուեստը», ըսաւ Մարալ Հարպոյեան:
Ամառնային դպրոցի պատասխանատու Սալբի Մուղալեան եւս «Ազդակ»-ին հետ զրուցելով նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը աշակերտներուն առիթը կու տայ հանգստանալու ձմրան դպրոցական դասերէն, նոր ընկերներու հետ, նոր միջավայրի մը մէջ կապ հաստատելու, սորվելու նոր հմտութիւններ, ինչպէս` ձեռային աշխատանքներ, պարեր, երգեր, գծագրութիւններ եւ նոր գիտելիքներ, նաեւ առիթ է արժեւորելու խմբային աշխատանքը, նոյն ատեն ալ բաւական երկար ժամանակ հեռու մնալով ելեկտրոնային մեքենաներէն եւ խաղերէն:
Այլ ուսուցչուհի մը` Տարիա Խտըշեան, դիտել տուաւ, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ երկրի աննպաստ պայմաններուն դիմաց ամառնային վարժարանը լաւ առիթ մը եղաւ պզտիկներուն, որպէսզի բոլոր մարզերով զբաղին: «Իմ մարզիս մէջ, որ նկարչութիւն է, եւ գոյները կ՛օգտագործեն, պզտիկները տան մէջ երկար ատեն բանտարկուելէ ետք սկսան այդ երեւոյթը ցոյց տալ իրենց նկարչութեամբ եւ իրենց գործածած վառ գոյներով, ինչ որ շատ հաճելի է: Ես միշտ կ՛ըսեմ, որ մեծերը կը սորվին փոքրիկներու տաղանդներէն, որովհետեւ անոնց երեւակայութիւնը անսահման է: Այնպէս որ, կը կարծեմ, թէ մեծերուն համար շատ լաւ դաս մըն է դիտել պզտիկները մօտէն, հետեւիլ եւ տեսնել իրենց վառ հորիզոնը:
Լին Մոսիկեան` այլ ուսուցչուհի մը, նշեց, որ ձեռային աշխատանքը մեծ դեր ունի փոքրիկին կեանքին մէջ: Կը զարգացնէ փոքրիկին երեւակայութիւնը, ինքնավստահութիւնը, ձեռք-աչք համակարգը: Կը զօրացնէ իր մատները:
Կաւով աշխատանքներու ուսուցիչ Նորայր Պուտաքեան նշեց, որ այս տարուան ձմեռնային եւ ամառնային ծրագիրին մէջ նկատի առնուած է ցեխ կաւով աշխատանք: «Ցեխ կաւը շատ կ՛օգնէ ստեղծագործութեան համար, որովհետեւ տափակ մակերես մը չէ, այլ 3d աշխատանք մըն է եւ ամբողջովին տարբեր է: Մենք հոն կը սորվեցնենք, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատինք մեր ձեռքերով, մեր մատներով: Պէտք է պզտիկը գիտնայ, թէ ինչպէս կրնայ որեւէ առարկայ շինել եւ տեսնել զայն ամէն կողմերէն: Մեր ծրագիրին մէջ մենք որդեգրեցինք խաչքարի նպատակը, որպէսզի քիչ մը հայկական ստեղծագործութեան մէջ ալ մտնենք: Գծեցինք մեր անձնական խաչքարերը, մեր ուզած ձեւով, անշուշտ` աշակերտին ուզած ձեւով եւ սորվեցուցինք 3d ընել, կաւերը հալեցնել եւ իրարու փակցնել: Այս ձեւը շատ կ՛օգնէ պզտիկին` մատները աշխատցնելու, անոր խելքը աշխատցնելու, թէ ինչպէս կրնայ նոր ձեւով մտածել, թէ ինչպէս պիտի գծէ, ներկէ, աշխատի իր բնական եւ սովորական ձեւերէն դուրս», յայտնեց ան:
Փաթիլ Պալապանեան` ամառնային դպրոցի պարի ուսուցչուհի, ըսաւ. «Մեր ծրագիրը կ՛երկարի վեց շաբթուան վրայ եւ բոլոր աշակերտները դէպի առջեւ կը նային, որպէսզի յաջող եւ խանդավառ հանդէս մը ներկայացնեն իրենց ծնողներուն: Մենք ունինք, հայկական պարերու կողքին, նաեւ օտար պարեր: Պարը ամբողջովին տարբեր աշխարհ մըն է` իր խանդավառութեամբ, իր երաժշտութեամբ, նաեւ` մարմինի ճկունութեամբ: Այս համոզումով է, որ մենք կ՛ունենանք յաջող պարի դասապահ մը»:
Նեկտար Փալազեան` ամառնային դպրոցի երգի ուսուցչուհի, դիտել տուաւ, որ հայկական քանի մը վարժարաններու մէջ երգի դասատու եղած է, միշտ փափաքած է հայ երգը սորվեցնել եւ սիրցնել հայ փոքրիկներուն: «Կը զգամ, որ երգով մեր մշակոյթը կը վերապրի, եւ մեր ազգային ժառանգութիւնը այս ձեւով կը փոխանցենք սերունդէ սերունդ: Եկած եմ այն եզրակացութեան, որ երաժշտութիւնը կամ երգը շատ կարեւոր է երեխայի մը համար: Ան կը զարգացնէ ուղեղը, կը մարզէ յիշողութիւնը, եւ երբ երգին բառերը կը սորվի, այս մէկը կը մարզէ կեդրոնացումը, երբ կը հետեւի երգի կշռոյթին, նաեւ կը մարզէ լսողութիւնը, երբ փոքրիկը կը լսէ երգի եւ երաժշտութեան երանգները եւ, այս բոլորէն վեր, կը բարձրացնէ փոքրիկին տրամադրութիւնը: Երբեմն երգին բառերը կրնան ազդել անձի մը վարքին վրայ: Երբ փոքրիկը երաժշտութեամբ կը զբաղի, կը նուագէ կամ կ՛երգէ, այդ անձը աւելի բարի է, որովհետեւ նուազ կարելիութիւնը ունի մտածելու չար արարքներու մասին: Արամ Սաթեան ըսած է. «Երբ կը լսես լաւ երգ, վատ արարքներ չես գործեր», եւ այս մէկը շատ ճիշդ է ու փաստած եմ իմ դասապահերուս ընթացքին, երբ փոքրիկ մը նախորդ դասապահէն նեղուած` երգի դասապահ կ՛ունենայ, յանկարծ երաժշտութիւնը եւ երգը կը փոխէ իր տրամադրութիւնը եւ ինք ուրիշ անձ մը կը դառնայ: Յոյսով եմ, որ Աստուած ինծի ուժ կու տայ, որպէսզի կարենամ շարունակել այս առաքելութիւնը` հայ երգը սորվեցնել եւ սիրցնել փոքրիկներուն, նաեւ` սորվեցնել երգը ճիշդ ձեւով, լաւ ձեւով, որպէսզի փոքրիկներուն հոգիները ազնուանան, եւ իրենց ճաշակը նրբանայ»:
Սարին Տուտաքլեան` ամառնային դպրոցի bath ball- ուսուցչուհի, դիտել տուաւ, որ եզակի գաղափարներու եւ ապրանքի ստեղծագործութեան շնորհիւ է, որ կարելի է գոյատեւել շուկայի մէջ եւ նոյնիսկ ղեկավարել շուկան: «Կ՛ուզեմ նշել, որ ոչ միայն նոր ապրանք շուկան ներմուծելը կարեւոր է, այլեւ` մեր ճանաչողական եւ մտային խաղերու հմտութիւններու վրայ աշխատիլն ալ, որպէսզի արդիւնքը հաւասարակշռուած ըլլայ: Այս բոլորին արդիւնքը կ՛օգնէ, որ եռանդով շարունակենք եւ յաջողութիւն արձանագրենք: Փոքր տարիքէն մեր երեխաներուն հմտութիւնն ու տաղանդը զարգացնելը, անոնց մօտ խաղի եւ գործի հետ կապուած գաղափարներ ներմուծելը կ՛օգնեն արագ յաղթահարել կեանքի մարտահրաւէրները, երբ անոնք մտնեն գործի ասպարէզ»:
Աշխէն Աբրահամեան ամառնային դպրոցի մոմի եւ գորգագործութեան ուսուցչուհի է, ան նշեց, որ կարպետի հիւսքը, գորգի հիւսքի նման արուեստախառն արուեստ մըն է: Աշակերտները հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն եւ մեծ հաճոյքով կը հետեւին: Ըստ անոր, օգտագործուած թելերուն գոյներու այլազանութիւնը զիրենք կեդրոնացումի կը մղէ: Նոյն հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերեն մոմի պատրաստութեան աշխատանքին եւ յարդարման:
Թատրոնի ուսուցիչ Սուրէն Խտըշեան խօսեցաւ մանուկներուն ու պատանիներուն թատրոն սորվելու կարեւորութեան մասին: «Թատրոնը կը զօրացնէ իրենց ստեղծագործական միտքը, իրենց երեւակայութիւնը, իրենց կու տայ լեզուական զարգացում, կը սորվեցնէ նաեւ խմբային աշխատանք, կը զօրացնէ իրենց յիշողութիւնը, իրենց կը սորվեցնէ որեւէ հարցի դիմաց լուծման ձեւեր գտնել, կը սորվեցնէ ինքնավստահութիւն, առիթ կու տայ, որ իրենք զիրենք արտայայտեն, նաեւ հաճելի ժամանց է իրենց համար: Երեխաները միշտ պէտք է թատրոն սորվին: Թատերական կամ արուեստի որեւէ ուսուցման մէջ ամէնէն կարեւոր բանը, որ կը սորվին, կարգապահութիւնն է:
«Երբ առաջարկուեցաւ ինծի ամառնային դպրոցին մէջ թատրոն դասաւանդել, ընդառաջելուս հիմնական պատճառն էր սիրցնել թատրոնը երեխաներուն: Եթէ կրցանք մէկ կամ երկու դերասան շահիլ, այդ մէկը արդէն մեծ յաղթանակ է, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, գաղութին մէջ դերասան չկայ, մարդիկ անտարբեր են թատրոնի նկատմամբ:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Մարալ Հարպոյեանին եւ Համազգայինին, որ առիթը տուին ինծի ստանձնելու այս աշխատանքը: Իսկապէս այն խանդավառութիւնը, որ կը տեսնեմ երեխաներուն եւ անձնակազմին մօտ` ամառնային ծրագիրի նկատմամբ, շատ քաջալերելի է: Իմ փափաքս է, որ տարեկան դրութեամբ նման ծրագիրներ կրկնուին», շեշտեց ան: