Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով գրասենեակը «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Ազրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու վերաբերեալ վարչապետ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հեռաձայնային վերջին հաղորդակցութիւնը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խաղաղ բանակցութիւններուն հաւատարմութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Մէկ այլ գրառումի մէջ կը նշուի, որ Կովկասի բանակցութիւններուն գծով աւագ խորհրդական Էնտրիւ Շոֆըր շրջանին մէջ է` քննարկելու, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՛ս կրնան հոլովոյթին լաւագոյնս աջակցիլ:


