Մուտք
Իւրաքանչիւր անհատի կեանքը լեցուն է այնպիսի դէպքերով եւ դէմքերով, որոնք երբ պատմուին, այլ անհատներու կեանքը կը քաղցրացնեն եւ գրգիռ կը դառնան, որպէսզի անոնք եւս նման դէպքեր ու դէմքեր յիշեն, պատմեն եւ արձանագրեն պատմութեան համար:
Այս մանրապատումներու շարքը կը սկսիմ հոգելոյս Մուշեղ Ա. քհնյ. Տէր Գալուստեանով, որուն կեանքը մանրապատումներով լի եղած է:
Իմ մանրապատումներս կը ձօնեմ քահանայ հօր անթառամ յիշատակին:
Այս մանրապատումները ժամանակագրական ու աշխարհագրական յաջորդական ընթացքի մը պիտի չհետեւին, այլ ներքին կշռոյթով պիտի ընթանան եւ ներառեն բոլոր այն վայրերը, ուր գտնուած եմ, եւ` բոլոր այն անձերը, որոնց հանդիպած եմ, կամ որոնց մասին սիրելիներ պատմած են ինծի:
Երկու նկատողութիւն տեղին կը գտնեմ.
Առաջին` անշուշտ կարելի չէ մանրապատումները սպառել: Վստահ եմ, որ նորեր պիտի յաջորդեն այս շարքին, եւ այսպէս, օղակ առ օղակ շղթան կրնայ երկարիլ…
Երկրորդ` ժամանակակիցներս կրնան որոշ մանրամասնութիւններ տարբեր ձեւով ներկայացնել. այս ալ իրենց արդար իրաւունքը կը նկատեմ, որովհետեւ իւրաքանչիւրս մեր հայեցակէտը ունինք:
Իրաւամբ «Good old days!»կ’ըսեն… Միաժամանակ ընդունինք, որ մեր ապրած իւրաքանչիւր օրն ալ նոյնիսկ իր դառնութեան մէջ ունի իր անուշութիւնը: Վայելենք զայն մեր սիրելիներուն հետ, ամէ՛ն օր:
(1)
Իմ ծնունդէս առաջ (1962) Մուշեղ Ա. քհնյ. Տէր Գալուստեան քանի մը տարի մեր ծխատէր քահանան եղած է: Հայրս, որ մեր եկեղեցւոյ մէջ ուրարակիր եղած է, մեծ գովեստով կը պատմէր տէր հօր իւրայատուկ ձայնին եւ բարեմասնութիւններուն մասին. մանաւանդ կը յիշէր, որ լիբանանահայութեան 1958-ի եղբայրասպան կռիւներու օրերուն մեր շրջանին մէջ տխուր դէպքեր չեն պատահած, որովհետեւ տէր հայրը երիտասարդները իր շուրջ հաւաքած է ու ֆութպոլով զբաղցուցած եւ ինքն ալ իրաւարարութիւն կատարած` երկու մրցակից խումբերուն միջեւ: Առաւել, որպէս հոգեւոր հովիւ, միշտ ընտանիքներու անդորրութեան հետամուտ եղած է` ծոյլ ու խման ամուսինները սաստելով եւ ի պահանջել հարկին «որ ոչ լուիցէ բանիւ, լուիցէ գանիւ» («Ով որ խօսքով չի լսեր, գաւազանով կը լսէ») առածը գործադրելով:
Անդրանիկ Ծառուկեան ՆԱՅԻՐԻ-ի 21 դեկտեմբեր 1958-ի թիւի էջ 5-ի աջ անկիւնը տփիկ մը ունի, ուր սեւ ֆոնի վրայ հետեւեալ «քարտը» տպած է.
Միշտ Հայերէ՛ն խօսինք…
Այս օրուընէ սկսեալ այն երիտասարդն ու երիտասարդուհին, որ կը փորձէ թրքերէն խօսիլ, մեր որոշումով պիտի վճարէ որպէս տուգանք 25 լ. դհկ. Ազգ. բուժարանի սնտուկին, որ մեր մօտ կը գտնուի:
ՄՈՒՇԵՂ ՔԱՀԱՆԱՅ
Պուրճ Համուտ 12-12- 58
Ապա իրեն յատուկ հիւմըրով Ծառուկեան կը խորհրդածէ. «Երիտասարդ, շա՛տ երիտասարդ քահանայի մը նախաձեռնութիւնն է այս… հրովարտակը: Պէյրութի ամէնէն աղքատիկ, պզտիկ ու խեղճ մէկ եկեղեցիին հովիւը, որ պայքարելու համար թրքախօսութեան ախտին դէմ, գտած է այս բաւականին ինքնատիպ միջոցը` տպագրելով եւ ցրուելով վերի թռուցիկը:
Կասկած չունինք, որ եթէ ոչ ամբողջապէս, բայց գոնէ զգալի չափով մը կը նուազի թրքախօսութիւնը այդ շրջանին մէջ: Մինչեւ հոս պատկերին մէկ երեսն է: Միւս երեսը այն է, որ, ինչպէս կ’իմանանք, այս երիտասարդ քահանան ի մօտոյ… Ամերիկա կը տեղափոխուի: Հարց է, թէ իր մեկնումէն ետք իր ստեղծած լեզուական վարչակարգը պիտի յարգուի՞ իր յաջորդին կողմէ:
Երկրորդ հարց մը. Պէյրութի թրքախօսներուն այսպէս տուգանք սահմանելէ ետք, տէր Մուշեղ ի՞նչ պատիժ պիտի տանի արդեօք իրեն հետ Ամերիկայի անգլիախօս հայերուն: Եթէ կը մտածէ ամերիկահայ ծուխերն ալ ենթարկել նոյն տուգանքին, կը թելադրենք այժմէն իսկ թռուցիկը թարգմանել… անգլերէնի: Աւելի ազդու է: Արդիւնքը նոյնն է անշուշտ, որովհետեւ հայերէն չկարդացող մը դժուար թէ այնտեղ ըլլայ նաեւ հայերէն խօսող մը, բայց անգլերէն կարդացուելով թռուցիկը, կը դիւրանայ, գոնէ, տուգանքներուն գանձումը…
Աւելիին համար պատրանքներ պէտք չէ սնուցանել»:
* * *
Տարին` 1958: Այսօր` 2022: Ո՛չ «Պէյրութի ամէնէն աղքատիկ, պզտիկ ու խեղճ մէկ եկեղեցիին հովիւը» մնաց, ո՛չ եկեղեցին մնաց, ո՛չ թրքախօսութիւնը մնաց, ո՛չ Անդրանիկ Ծառուկեանը մնաց, ո՛չ ՆԱՅԻՐԻ-ն մնաց: Իսկ տէր Մուշեղներու «Միշտ հայերէ՛ն խօսինք…» կտակը մնա՞ց… իւրաքանչիւրս իր կեանքով պիտի պատասխանէ այս մարտահրաւէրին:
(2)
1991-ին արմատներով Սանճագ քեմփէն սրտի մասնագէտ բժիշկ բարեկամի մը հրաւէրով Նիւ Եորք` տէր Մուշեղին հետ ճաշի ենք:
«Մէկ ժամէն սրտի գործողութիւն ունիմ», կ’ըսէ բժիշկը` կարծես մեր ճաշի տեւողութիւնը սահմանելու համար:
Իրեն յատուկ սրամտութեամբ տէր հայրը կը պատասխանէ. «Ի՞նչ ըսել կ’ուզես կոր, տոքթո՛ր, կէս ժամէն ուտենք-ելլե՞նք»:
Զուարթ է մթնոլորտը, մանաւանդ` տէր հօր ներկայութեամբ:
Բժիշկը բարձր տրամադրութեան մէջ է եւ քանի մը բաժակ աւելի գինի կը խմէ:
Տէր հայրը նկատողութիւն կ’ընէ. «Տոքթո՛ր, ի՞նչ կ’ըլլանք կոր, գործողութիւնը մոռցար կ’երեւի»:
«Ի՞նչ կայ,¬ կը հակադարձէ ան,- դուք ալ պատարագի ատեն գինի չէ՞ք խմեր»:
«Անշուշտ կը խմենք, բայց` պատարագի վերջաւորութեան. քարոզը կու տանք, հաղորդութիւնն ալ կու տանք եւ յետոյ կը խմենք», կ’եզրակացնէ տէր Մուշեղ:
(3)
Նիւ Եորքի սաստիկ ձմեռներէն մին է: Ամէն կողմ սառոյց կապած է: Տէր Մուշեղին չար բախտէն այդ օր թաղում կայ: Մեռելակառքը եւ հինգ ինքնաշարժ մեծ դժուարութեամբ գերեզմանատուն կը հասնին: Միայն տէր հայրը եւ երիտասարդ մը գերեզմանին կը մօտենան: Տէր հայրը ցուրտէն ակռաները կրճտելով հապճեպօրէն գերեզմանի կարգը կը կատարէ, եւ մեռելաթաղը հողով կը ծածկէ գերեզմանը: Ինքնաշարժ վերադարձի ճամբուն վրայ երիտասարդը յանդիմանական շեշտով տէր հօր կ’ըսէ. «Է՜հ, աղուոր մը կարճի կապեցիր հա…»: Տէր հայրը կը պատասխանէ. «Հոս նայէ՛, ես քառասուն տարիէ ի վեր մարդ կը թաղեմ, եւ իմ թաղածներէս մէկը ետ չէ եկած…»: Երիտասարդը մեծ մտահոգութեամբ կը յարէ. «Բայց, տէ՛ր հայր, ասիկա իմ ղայնանաս է, դուն ասո՛ր ինչ ըլլալը չես գիտեր. ասիկա ետ եկող տեսակէն է…»:
(4)
Տէր Մուշեղ կը պատմէ, որ երբ 1959-ին Լիբանանէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը ժամանէ, Ռէյսինի (Շիքակոյի շրջան, 900 մղոն հեռու Նիւ Եորք քաղաքէն) հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի.
«Հազիւ երկու շաբաթ անցած էր, երբ մայրիկի մը տունը կը հրաւիրուիմ: «Տղա՛ս,- կ’ըսէ մայրիկը,- շատոնց է տունս չէ օրհնուած. աղօթք մը ըրէ ալ` շէրը թող երթայ»: «Պահպանիչ» մը կ’աղօթեմ եւ «Հայր մեր» մը կ’երգեմ: Մինչ այդ շունի հաջոց կը լսեմ սենեակի մը փակ դուռին ետեւէն: Խերով-բարով լսած չըլլայի հաջոցը… «Ամա՜ն եաւրում,- կը յարէ մայրիկը, լաւ միտքս ինկաւ. սա մեր ձագուկը վերջերս բաներ մը կ’ըլլայ կոր, հէչ աղէկ չէ, բերեմ ալ` մէկ հատ ասոր վրալ ալ աղօթք մը կարդայ»: Ըսելը եւ սենեակ վազելը մէկ կ’ըլլայ:
Ես կ’անճրկիմ: Ի՞նչ պիտի ընեմ, ի՞նչ պիտի աղօթեմ: Մենք դպրեվանքին մէջ շուն օրհնելու աղօթք չենք սորված, ես Լիբանան շուն չեմ օրհնած. ի՞նչ գիտնամ` հոս Ամերիկա է, արդեօք արտօնուա՞ծ է շուն, կատու, թռչուն, ձուկ օրհնելը. թերեւս առաջնորդին պէտք է հարցնեմ, ան ալ Նիւ Եորք է. այն օրերուն սելուլէր-մելուլէր ալ չկար, եւ ո՞վ կը համարձակէր մէկու մը տունէն long-distance հեռաձայն ընել, այն ալ` այսպիսի զգայուն հարցի մը մասին եւ մայրիկի՛ն ներկայութեան: Ես այս մտորումներուն մէջ էի, երբ արդէն մեր մայրիկը «մե՛ր ձագուկը» գրկած կու գայ եւ քովս կը բազմի:
Կայծակնային արագութեամբ Աստուած օգնութեան կը հասնի եւ կը յանձնարարեմ մայրիկին. «Մայրի՛կ, ես առաջին անգամ կը տեսնեմ մեր անուշիկ ձագուկը: Աստուած պահէ: Ես շուներէն կը վախնամ: Այնպէս կ’երեւի, որ ձագուկն ալ ինձմէ կը վախնայ կոր: Կը դողայ կոր… (քիչ մնաց «հայվանը» պիտի ըսէի եւ կաթը թափէի) ձագուկը: Եկուր դուն ձագուկը գիրկդ պահէ, ու ես քեզ կ’օրհնեմ, եւ ձագուկն ալ կ’օրհնուի»:
Մայրիկը շա՜տ գոհ կը մնայ: Ես ալ գո՜հ կը մնամ: Կը խորհիմ, որ Աստուած ալ գո՜հ կը մնայ: Եւ եթէ օր մը առաջնորդ սրբազանը եւ ուրիշներ ալ իմանային, անոնք ալ գո՜հ պիտի մնային, որովհետեւ ես շունը չէ, որ կ’օրհնեմ, այլ` մայրիկը, որ գիրկին մէջ իր ձագուկը պահած էր…
Ամերիկայի առաջին նուէրս եռապատիկ կ’ըլլայ. ուղղակի` տնօրհնէք ու մայրիկօրհնէք եւ անուղղակի` ձագուկօրհնէք…»:
(5)
Քանի մը տարի ետք տէր Մուշեղ Ռէյսինէն Նիւ Եորք կու գայ եւ Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի:
«Առաջին շաբաթն է` Նիւ Եորք ենք,- կը պատմէ,- ակռայի ահաւոր ցաւ մը կ’ունենամ: Առաջնորդ սրբազանը Քուինզի մէջ հայ ատամնաբուժի մը կը ղրկէ զիս: Կը ժամադրուինք եւ կ’երթամ: Չեմ դիմանար կոր: Կը նայի: «Պէտք է քաշեմ», կը վճռէ: Կը համակերպիմ. ի՛նչ կրնամ ընել, anyway: Ասեղը կը կոխէ: «Տասը վայրկեան պէտք է սպասէք, կը թմրի, կը քաշեմ» կ’ըսէ, եւ օֆիսէն դուրս կ’ելլէ: Առանձին կը մնամ: Բարեբախտաբար ցաւս ալ հետը կը տանի: Տասը վայրկեան, քսան վայրկեան, երեսուն վայրկեան. ցաւը ետ կու գայ, տոքթորը չի գար: Ցաւը կը սկսի անտանելի դառնալ: Քառորդ ժամ եւս կը սպասեմ, եւ ես ալ կծիկը կը դնեմ: Օթոս կ’առնեմ եւ ամէնէն մօտիկ ատամնաբուժին կ’երթամ: Յետոյ կ’իմանամ, որ մեր մարդը խմիչքի տկարութիւն ունի եղեր եւ ուիսքի մը խմելու համար քովի պառը գացեր է եւ տասը վայրկեանը, Աստուած գիտէ, քանի՜ վայրկեան եւ քանի՜ գաւաթ եղեր է…»:
(Շար. 1)