Մեր Պայքարները Կախեալ Են Իրարմէ
ՀՐԱԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Դիւրին չէ բռնութեան մասին խօսիլ: Դիւրին չէ, որովհետեւ մարդ էակին վատագոյն դէմքը ի յայտ կու գայ այս ոճիրին ընդմէջէն: Դիւրին չէ բռնութեան մասին խօսիլ, որովհետեւ յաճախ կը կարծենք եւ կամ կ՛ուզենք կարծել, թէ մեզմէ, մեր շրջանակէն հեռու երեւոյթ է: Չենք ուզեր ընդունիլ այն դառն իրականութիւնը, որ բռնութիւնը, իր տարբեր տեսակներով, մեր առօրեային մաս կը կազմէ` ճամբան քալող անծանօթի մը ժպիտին ետին, դիմացի դրացիին ամօթով պահուած գաղտնիքին մէջ, գործընկերոջ մը անձնական կեանքի փոթորկոտ ալիքներուն վրայ, անմիջական կամ հեռակայ ընտանիքի անդամներուն միջեւ, առաւօտեան լոյսին կամ նոյնիսկ գիշերուան մութին լոյս տեսնող այդ բռնութիւնը:
Բռնութիւնը մեր հասարակութեան մէջ իրականութիւն է: Անոր զոհերը տարբեր տարիքի, սեռի եւ դասակարգի պատկանող անձեր են: Բայց իրականութիւնը այն է, որ կիներն ու աղջիկները անհամեմատօրէն աւելի կը տառապին բռնութեան ոճիրի զոհերը ըլլալէ, որուն իսկ պատճառով Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւով շատ աւելի կը կեդրոնանանք կիներու եւ աղջիկներու դիմագրաւուած տառապանքին եւ բռնութիւններուն վրայ` ֆիզիքական, հոգեկան, սեռային, իրաւական, դատական, կրօնական, քաղաքական եւ ընկերային:
Դիւրին չէ բռնութեան մասին խօսիլ, բայց կարեւոր է խօսիլ, ձայն բարձրացնել եւ արձագանգել:
«Հիմա ժամանակը չէ, ուրիշ շա՜տ կարեւոր խնդիրներ կան մեր շուրջ»:
Ճիշդ է. հիմա ժամանակը չէ այս նիւթերուն մասին խօսելու: Ժամանակը երէկ էր: Անցեալ շաբաթ: Դար մը առաջ: Արդէն շա՛տ ուշ ենք: Այլեւս անհանդուրժելի է կիներու նկատմամբ բանեցուած բռնութեան մասին խօսիլը մնայուն կերպով յետաձգելը: Ազգովին պէտք է մերժենք եւ գործի անցնինք աւելի ապահով ու արդար միջավայրի մը ստեղծման ի խնդիր` ընկերութեան բոլոր անդամներուն համար: Բռնութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլան անոր պատճառները, հակամարդկային է:
Բռնութիւնը, կամ նոյնիսկ բռնութեան սպառնալիքը երկու հաւասարներու միջեւ ուժի անհաւասարութենէ կը ծնի: Անհատը, որ ինքզինք աւելի զօրաւոր կը զգայ, կը փորձէ իր կամքն ու ցանկութիւնները պարտադրել միւսին` անտեսելով անոր կամքը, արժանապատուութիւնն ու մարդկային իրաւունքները: Բայց հարցը անհատի մը հորիզոնէն շատ անդին է: Անհաւասարութեան իբրեւ հետեւանք` բռնութեան գործադրութիւնը առկայ է հաւաքականութիւններու միջեւ եւս:
Սեռ մը, ազգ մը, ցեղախումբ մը, կրօն մը, խմբակ մը, հակում մը, պատկանելիութիւն մը ինքնիրեն արտօնութիւն կու տայ գերադաս զգալու միւսէն: Եւ այդ գերադաս զգալու հանգամանքէն կը ծնին` հայրիշխանութիւնը, ցեղապաշտութիւնը, ազգայնամոլութիւնը, գաղութատիրութիւնն ու այլամերժութիւնը: Ուստի, ինքզինք գերադաս սեպող հաւաքականութիւնը ինքնիրեն իրաւասութիւնը կու տայ ուժի կիրարկման` «միւսին» պարտադրելու, իրեն ենթակայ դարձնելու, ընկճելու, ճնշելու, վարկաբեկելու, արժանապատուութենէն զրկելու, չարչարելու, քանդելու, հալածելու, չարաշահելու եւ բռնութեան ու ոտնձգութեան ենթարկելու:
Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր օրական դրութեամբ մարդու իրաւունքները (այն իրաւունքները, զորս իւրաքանչիւր մարդ կը վայելէ պարզապէս մարդ ծնելուն պատճառով) ոտնակոխ կ՛ըլլան:
Կիներ տակաւին կը շարունակեն պայքարիլ հաւասարութեան համար եւ բռնութեան դէմ:
Թուխ գոյն մորթով ժողովուրդներ տակաւին կը շարունակեն պայքարիլ ցեղային խտրականութեան դէմ, նոյնիսկ, այսպէս կոչուած, ժողովրդավար երկիրներու մէջ:
Բանուոր դասակարգը կը շարունակէ պայքարիլ դրամատիրութեան ագահութեան ու անգթութեան դէմ:
Փոքր պետութիւններ կը շարունակեն պայքարիլ մեծ պետութիւններու ծաւալապաշտականութեան ու տնտեսական գերիշխանութեան դէմ:
Պետութիւն չունեցող ժողովուրդներ կը պայքարին իրենց լեզուի պահպանման ու ինքնիշխան պետութեան մը կայացումին:
Կրօնական փոքրամասնութիւններ տակաւին կը պայքարին իրենց հաւատքին ու ծէսերուն համար:
Գաղթականներ տակաւին կը պայքարին ապահով երդիքի մը համար` իրենց հողերէն ու տուներէն հեռու:
Շարքը երկար է:
Կարեւոր է հասկնալ, որ մեր պայքարները իրարմէ կախեալ են:
Կիներու պայքարը բռնութեան դէմ, իրականութեան մէջ, ազատ, ապահով ու ինքնուրոյն ապրելու պայքարն է, ինչպէս մենք ազգովին կը պայքարինք ամէն օր` ազատ, ապահով ու ինքնուրոյն հայրենիքի մը կերտման համար: Մի՞թէ հաւաքականութեան մը բռնութիւնը կը դադրի բռնութիւն ըլլալէ, եթէ այդ բռնութեան պատճառը իգական սեռին պատկանիլն է` ազգութեամբ հայ ըլլալու փոխարէն: Ազատատենչ հայու հոգին պետք է մերժէ թէ՛ ցեղային հիմքի վրայ բռնութիւնը եւ թէ՛ սեռային հիմքի վրայ բռնութիւնը:
Կիներու եւ կամ որեւէ ընկերային հաւաքականութեան մը պայքարը խտրականութեան դէմ, իրականութեան մէջ հաւասարութեան եւ հաւասար առիթի ու իրաւունքներու պայքարն է, ինչպէս կը ձգտի ոեւէ անհատ, ոեւէ տղամարդ, գործի հաւասար առիթներ ունենալու, զարգանալու, յառաջանալու ու բարձրանալու` աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու համար իրեն եւ իր ընտանիքին:
Կիներու պայքարը ստորադասութեան դէմ այն նոյն պայքարն է, որ մեր ժողովուրդը մղեց ու կը շարունակէ մղել` հայ զանգուածը ազատագրելու օտար լուծի տակի ստրկութենէ: Ուրիշին բռնի տիրապետումի մերժումը պէտք չէ կախեալ ըլլայ տիրապետողէն, այլ պարզապէս` ստորադասման եւ ստրկութեան գոյութենէն: Ամէն տեսակ բռնի տիրապետութեան երեւոյթ անընդունելի պէտք է ըլլայ մեզի համար:
Այս բոլոր պայքարները խորքին մէջ անիրաւութեան դէմ պայքարներ են: Պայքարներ են անարդարութեան դէմ: Պայքարներ են մարդու ամենապարզ եւ էական իրաւունքներու համար, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ է մարդուն սեռը, գոյնը, կրօնը, հաւաքականութեան մը կամ փոքրամասնութեան մը պատկանելիութիւնը:
Մեր ընկերութեան բոլոր անդամները իրաւունք ունին` իրենց ամբողջական իրաւունքները պահանջելու, ապահով զգալու, մեծ երազներ ունենալու, ղեկավարութեան ձգտելու, ընտանիք կազմելու, առանց բռնութեան եւ սեռային ոտնձգութիւններու կեանք մը ապրելու: Մեզմէ ոչ մէկը իրապէս ազատ է, եթէ բոլորս ազատ չենք: Եւ մենք պէտք է ձգտինք ներարական եւ ընդունակ ընկերութիւն մը հաստատելու:
Հարկ է հասկնալ, որ հայրիշխանութիւնը ոչ միայն կիներու նկատմամբ, այլ նաեւ տղամարդոց վրայ ճնշիչ է: Ան անառարկելի ակնկալութիւններ ունի եւ որոշ կենցաղ մը կը պահանջէ տղամարդէն, որմէ դուրս որեւէ կեցուածք, գաղափար, հետաքրքրութիւն, զգացում կամ կազմուածք` կը նկատուի անընդունելի եւ կամ նուաստացուցիչ տղամարդկութեան: Հոս կը ծնի թունաւոր առնականութիւնը, որմէ պէտք է ձերբազատինք, յատկապէս` յառաջիկայ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ: Հարկ է հասկնալ, որ հայրիշխանութիւնը, եւ կամ` այլ անիրաւութեան վրայ հիմնուած որեւէ համակարգ, վնասակար է ընկերութեան մը արդար, բնական եւ առողջ յառաջացումին:
«Այս գաղափարները օտար շարժումներ են. ետին նպատակներ ունին»:
Այդպէ՞ս է. կ՛արժէ վերստուգել մեր գրականութիւնը: Հայ գրագիտուհիները այս նիւթերը կ՛արծարծէին 100 տարի առաջ իսկ: Տե՛սէք Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Եսայեանի, Սիպիլի, Հայկանուշ Մարքի եւ ուրիշներու գրութիւնները եւ կանչերը: Հայ կիներու քաղաքական ազատագրումի պայքարը ընդհատուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք: Հայ քաղաքական եւ քննական մտքի յառաջացումը դանդաղ ընթացք ստացաւ, որովհետեւ կացութիւնը ուրիշ բան կը պարտադրէր սովամահ եւ տեղահանուած ժողովուրդէն: Սակայն հիմա նոյնը չէ պարագան, նոյնիսկ երբ լուրջ ազգային, տնտեսական եւ պատերազմական վիճակի մէջ կ՛ապրինք: Հիմա միշտ ժամանակն է կիներու տառապանքին ու ազատագրումին մասին խօսելու: Օրին, երբ մենք ազգովին վերապրելու եւ վերածնելու պայքար կը տանէինք, օտար երկիրներու խաղաղ ընկերութիւններուն մէջ կիներու իրաւունքներու համար ու ընկերային անիրաւութեան դէմ կը պայքարէին, եւ ուրեմն բնական է, որ աւելի յառաջդիմական ըլլան այս «օտարները»` ընկերային անարդարութիւններու օրակարգով:
Աւելի՛ն. ինչպէս որ ամէն ինչ, որ օտար է, անպայմանօրէն ճիշդ կամ շինիչ չէ, նոյնպէս, ամէն ինչ, որ օտար է, անպայմանօրէն վատ չէ: Հարկ է չվախնալ ամէն ինչէ, որ «օտար» կը թուի կամ հարցականի տակ կը դնէ մեր ընկերային սովորութիւնները, աւանդութիւնները կամ մտածելակերպերը: Ընկերային սովորութիւնները մարդիկ ստեղծած են մարդոց համար: Մարդիկ կը փոխուին, կրնան փոխուիլ նաեւ սովորութիւնները` պահելով մեր ինքնութեան եւ արժէքներու հիմքերը: Կարելի է հայկականացնել այս շարժումները: Հարկ է Ժամանակին հետ քայլ պահել: Յառաջդիմական ըլլալ: Ընդունակ ըլլալ նոր գաղափարներու, ինչպէս դար մը առաջ հայկականացուցած ենք Եւրոպայէն հասած ընկերվարութիւնը:
Մեր ինքնութեան ամրապնդումը պէտք է ըլլայ դրական ոճով: Այսինքն ամրապնդուինք այդ բոլոր արժէքներով, կեցուածքներով եւ գաղափարներով, որ մեզի կը ներկայացնեն անհատաբար կամ հաւաքաբար: Մեր ինքնութեան ամրապնդումը պէտք չէ ըլլայ այն բաներով, որոնք մենք կը մերժենք: Ամրապնդուինք մենք մեզմով եւ ոչ թէ` «ուրիշը» կամ մեզի չնմանողը մերժելով եւ նուաստացնելով: Մենք պէտք է պայքարինք կերտելու հասարակութիւն մը, ուր մարդը, գլխագիր Մարդը, արական կամ իգական սեռի ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակի խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ:
Այս բոլորը կը պահանջեն հասկնալ եւ ընդունիլ, որ մեր պայքարները իրարմէ կախեալ են:
Բռնութեան Ենթարկուելու Պարագային
Դիմել Հետեւեալ Թիւերուն
Բռնութեան ենթարկուած կամ ենթարկուող ոեւէ անհատ, որ կարիք ունի օժանդակութեան` հոգեբանական բուժումի, ապաստանարանի, բժշկական օգնութեան, խորհրդատուութեան եւ ցուցմունքներու կրնայ կապուիլ հետեւեալ ընկերաբժշկական կեդրոններուն, կառոյցներուն եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն:
- ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն 01-253796
- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն 01-258718
- Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք 01-258300
- Abaad 01-283820
- Himaya 03-414964
- Idraac 01-583583
- Embrace 1564
- Kafa 1745




