Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Անդրադարձած Է Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Հաւանական Զինուորական Գործողութեան

Հոկտեմբեր 21, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինինը, անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ հաւանական զինուորական գործողութեան, ըսած է, որ որեւէ զինուորական գործողութիւն կատարելու ընթացքին պէտք է հաշուի առնուին Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու հանգամանքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Մենք կողմնակից ենք, որ նախկինին պէս յարգենք Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը», «Սփութնիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ան:

«Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը մօտենայ իր աւարտին, բնականաբար ատիկա պէտք է շարունակուի: Ինչ կը վերաբերի զինուորական նախապատրաստութիւններուն, ապա այդ նախապատրաստութիւնները պէտք է հաշուի առնեն Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու հանգամանքը», աւելցուցած է Վերշինին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու` Սուրիոյ հարցին մէջ իրենց պարտաւորութիւնները չկատարելու լոյսին տակ` Թուրքիան պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` Սուրիոյ տարածքին մէջ ահաբեկչութեան սպառնալիքը վերացնելու համար:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ իր կարգին յայտարարեց. «Պէտք եղածը պիտի կատարենք Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական յարձակումները դադրեցնելու համար»: Թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը աւարտած է Սուրիոյ հիւսիսը գործողութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները եւ կը սպասէ 4 քաղաքներ` Մընպեժ, Թել Թաամիր, Այն Իսա եւ Թել Ռիֆաաթ ներխուժելու հրամանին:

 

Նախորդը

Պահչելի Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կը Յայտարարէ. «ՕԹԱՆ-ի Մէջ Անգարայի Դէմ Դաւեր Կը Նիւթեն»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւն. «Թուրքիան Հասարակաց Հետաքրքրութիւն Եղող Մարզերու Մէջ Գլխաւոր Գործընկեր Է»

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?