Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 21, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Ճեմարանականներու Աւանդոյթը Կը Շարունակուի

Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, ներկայութեամբ Ճեմարանի Խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ` Ժ. եւ ԺԱ. կարգերու աշակերտութեան, 16 հոկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ս. պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով:

Արարողութեան աւարտին Ճեմարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Ճեմարանի հիմնադիրներու եւ հանգուցեալ կրթական մշակներու հոգիներուն համար:

Այս տարի եւս, աւանդաբար, ճեմարանականներ, որպէս ուխտապահ սերունդ, այցելեցին մեծ հայասէր Քարեն Եփփէի եւ գրականագէտ Յակոբ Օշականի շիրիմները եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին:

Դամասկոսի Մէջ Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած գիրերու գիւտին եւ Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 9 հոկտեմբեր 2021-ին, Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ:

Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Շողիկ Սարգիսեան, որ ըսաւ, թէ Համազգայինը իր գործունէութեամբ եւ ճիգերու լարումով յառաջ կը տանի մշակոյթի պահպանման իր առաքելութիւնը եւ զայն կը փոխանցէ նորահաս սերունդներուն` առկայծ պահելով անոնց մէջ հայկական մշակոյթին սէրը, որուն կենդանի արտայայտութիւնն է մեր նախաձեռնած ասմունքի դասընթացքը: Ապա խօսելով ասմունքի արուեստին մասին` ըսաւ, որ ասմունքի արուեստը եւս մաս կը կազմէ հայ մշակոյթին, որուն ընդմէջէն կը ծանօթանանք գրականութեան մէկ սեռին` բանաստեղծութեան, դիտել տալով, որ հայ մեծանուն բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն հայրենասիրական եւ քնարական ապրումներով հարուստ ընտրանի մը պիտի հրամցնեն մեր սիրելի երիտասարդները:

Ասմունքի դասընթացքի մասնակիցները, որոնք մէկուկէս ամսուան տեւողութեան աչալրջութեամբ հետեւեցան ուսուցչուհիներուն կողմէ տրուած ցուցմունքներուն եւ թելադրութիւններուն, մի առ մի ներկայացուցին իրենց սորված ոտանաւորները` իւրայատուկ ոճով, տպաւորիչ առոգանութեամբ: Ներկաները հոգեկան մեծ գոհունակութիւն ապրեցան, երբ անոնց շրթներէն հնչեցին քնարական և դիւցազներգական ազգայնաշունչ քերթուածները` Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն», Յովհաննէս Շիրազի «Հանճարեղ խելագարը», Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը», Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին», Վահան Թէքէեանի «Հայ լեզու» եւ «Քո յիշատակը այս գիշեր» եւ ի վերջոյ Ժագ Յակոբեանի «Խօսէ՜ հայերէն» բանաստեղծութիւնները:

Երիտասարդները մերթ ընդ մերթ ընթերցումներու ընդմէջէն ներկայացուցին բանաստեղծներու կենսագրական եւ գրական արժէքները, նաեւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքէն դրուագներ կարդացին ստեղծելով հաճելի մթնոլորտ:

Այնուհետեւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց Սոնա Քիւրտեան, որ համապարփակ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրերու գիւտին կարեւորութիւնը` որպէս հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման հիմնաքար ու ըսաւ. «Ս. Մեսրոպ խոր հաւատքով եւ տքնութեամբ հրաշակերտեց հայ ժողովուրդի գոյատեւման անսասան հիմնաքարը` հայոց լեզուի երկաթեայ 36 նշանագրերը, դառնալով իրաւամբ` հայ դարերու դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառաժ անխորտակելի եւ շողարձակ…»:

Ան, անդրադառնալով համաշխարհայնացման համահարթեցման միտող քանդիչ քաղաքականութեան, որ կը սպառնայ ոչնչացնել ազգային ինքնորոյն դիմագիծ եւ մշակոյթ, ըսաւ. «Համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ, սփիւռքի մեր ազգային կառոյցները նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, սակայն ճիգերու մէկտեղումով կարելի կը դառնայ յաղթահարել դժուարութիւնները եւ պահպանել մեր ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը, ընտանիք-դպրոց-միութիւն, որոնք իրարու շաղկապուած օղակներ են, կը ծառայեն մայրենի լեզուին եւ ազգային մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին. հետեւաբար մշակոյթն է մարդուն ինքնութիւնը կերտողը, ազգի մը ինքնութիւնը սահմանողը: Ուրեմն հայ ժողովուրդին աւիշն ու շունչը հայ մշակոյթն է, երբ չկայ հայկական մշակոյթ, չկայ հայկական կեանք, չկայ հայ»:

Ձեռնարկի աւարտին վարչութիւնը փոքր յուշանուէրներով պարգեւատրեց ասմունքի դասընթացքի մասնակիցները եւ դասատուները:

Վարչութեան անդամ Շողիկ Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասընթացքի երիտասարդներուն, դասատուներուն` Նորա Պալեանին եւ Սոնա Քիւրտեանին, որոնք հայկական մշակոյթին եւ ասմունքին սէրը արթնցուցին նոր սերունդին մէջ:

Իրան

Աւետիս Պուլուզեանի Նահատակութեան Առաջին Տարելիցի Նշում Եւ Այցելութիւն Անոր Մեծ Մօր

10 հոկտեմբեր 2020-ին Հադրութի մէջ վիրաւոր զինակիցին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու ատեն հրետանային արկի բեկորէն նահատակուած 20-ամեայ Աւետիս Պուլուզեանի նահատակութեան առաջին տարելիցը կատարուեցաւ 15 հոկտեմբերին, Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին թեմակալ առաջնորդը անդրադառնալով քրիստոնէութեան առումով նահատակութեան խոր իմաստին` ընդգծեց, որ Յիսուս Քրիստոսը, արհամարհելով փառքը, յանձն առաւ խաչուիլ յանուն մարդկութեան, եւ նշեց, որ քրիստոնէութեան առաջին շրջանի վկաները, յանուն ճշմարտութեան ու արդարութեան նահատակուելով եւ իրենց կեանքը զոհաբերելով, դարձան ներշնչման եւ զոհողութեան աղբիւր: Սեպուհ արք. Սարգսեան կարեւոր նկատեց համբերութեան գործօնը, որով պէտք է պայքարիլ մեր դիմաց ծառացող փորձութիւններուն դէմ, եւ ընդգծեց, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ փորձութիւն է անտարբերութիւնը հայոց լեզուի, հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսումնասիրութեան, մեր կրօնի ու մեր աւանդութիւններու նկատմամբ, որովհետեւ այդ մօտեցումը մեզ կը հեռացնէ մեր առաքելութենէն:

Սրբազան հայրը ցաւով նշեց. «Ընդարձակուեցաւ Եռաբլուրը եւ փոքրացաւ Հայաստանը, կորսնցուցինք մեր հայրենի հողը, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, որ մենք, երբ փորձութիւններուն յաղթելու վճռակամութեամբ պայքարած ենք, կրցած ենք վերստին տիրանալ մեր իրաւունքներուն: Կը մնայ, որ մեր երիտասարդութիւնը տէր կանգնի իր առաքելութեան, մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն, որպէսզի անոնցմով զրահաւորուած` յաղթանակով շարունակէ իր երթը»:

Կրօնական արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացաւ յիշատակի ձեռնարկ, որ մեկնարկեց հայ երիտասարդ Թրէյսի Նաւասարդեանի հեղինակած եւ նահատակ Աւոյին նուիրած ասմունքային խրոխտ կատարումով: Ապա կազմակերպիչ յանձնախմբին անունով խօսք առաւ Բէսի Յովհաննիսեան. «Մենք տղոց վերադարձնելու պարտք ունինք: Մենք անոնց պարտք ենք` արժանապատիւ ապրիլ: Մենք ամբողջ խաղաղութիւն, արժանապատիւ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն պարտական ենք: Մենք ողջ հայրենիք պարտական ենք անոնց»:

Ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սկաուտական միութեան Գերագոյն կազմը 14 հոկտեմբերին այցելեց 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած Աւետիս (Աւօ) Պուլուզեանի մեծ մօրը:

Առ ի յարգանք` անոր յանձնուեցաւ յուշանուէր, հերոսին ծնողներուն փոխանցելու նպատակով:

Սկաուտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակ հերոսին:

Նշենք, որ նահատակին հայրը` Արա Պուլուզեան, հասակ նետած է «Արարատ»-ի մեծ ընտանիքին մէջ, սկաուտական ոգիով տոգորուած է ու եղած Սկաուտական միութեան Գերագոյն կազմի անդամ:

Միացեալ Նահանգներ

Գազարեան Ամոլը Հարիւր Հազար Տոլար Նուիրեց Շիքակոյի Հայ Կեդրոնին

Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Շարի Գազարեան, որոնք միշտ ալ նեցուկ կանգնած են Շիքակոյի հայ գաղութին, տեղւոյն կեդրոնի վերանորոգման նուիրեցին հարիւր հազար տոլար: Ժիրայր (Ճերի) եւ Շարի Գազարեան այս իշխանական նուիրատութիւնը կատարեցին` ի յիշատակ իրենց ծնողներուն` Մովսէս եւ Ատէլ Գազարեանին, որոնք իրենց կարգին միշտ ալ օժանդակած են գաղութին:

Շրջանի կեդրոնը, որ կը գտնուի տեղւոյն Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մօտ, աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր կը նկատուի գաղութին բազկերակը, կազմակերպելով հաւաքներ եւ ձեռնարկներ:

«Մենք երախտապարտ ենք Գազարեան ընտանիքին, որ կատարեց այս մեծ նուրատուութիւնը: Վստահ ենք, որ այլ հայորդիներ պիտի հետեւին Գազարեաններու օրինակին: Մեր գաղութը կը գործէ շնորհիւ նմանօրինակ տիպար ընտանիքներու կատարած նուիրատութեան», ըսաւ տեղւոյն ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Սուլաքեանը` աւելցնելով, թէ հակառակ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած ներկայ դաժան պայմաններուն, գաղութը կրցած է ամէն գնով կազմակերպել ձեռնարկներ:

Փարիզ

Շարլ Ազնաւուրի Անուան Համերգասրահ

1 հոկտեմբերին Ֆրանսայի մէջ  Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան ներկայ գտնուեցաւ Քլամար քաղաքի երաժշտանոցի Շարլ Ազնաւուրի անուան համերգասրահի բացման արարողութեան:

Ելոյթներով հանդէս եկան Քլամարի քաղաքապետ, Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի առաջին փոխնախագահ Ժան-Տիտիէ Պերժէ, Շարլ Ազնաւուրի որդին` Միշա Ազնաւուր եւ Ֆրանսայի  մէջ Հայաստանի դեսպանը:

Իր ելոյթին մէջ Յասմիկ Տոլմաճեան անդրադարձաւ 100 տոկոսով ֆրանսացի եւ100 տոկոսով հայ մեծ արուեստագէտի անգնահատելի դերակատարութեան հայ-ֆրանսական բարեկամութեան եւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բերած կարեւոր աւանդին, ինչպէս նաեւ, հակառակ պատմականօրէն մեր ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի վերածնունդի եւ անոր լաւագոյն ապագայի հանդէպ անսասան հաւատքին:

Ձեռնարկի աւարտին Քլամարի հարմոնիք նուագախումբը մեկնաբանեց Շարլ Ազնաւուրի հանրայայտ երգերը:

Սպանիա

Հայկական Խաչքարի Օրհնութեան Կարգ

3 հոկտեմբերին Պարսելոնայի Փեթրալպեսի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի: Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ հայ հաւատացեալներուն բացատրեց սուրբ խաչի խորհուրդը` նկատել տալով, որ խաչը սիրոյ, նուիրումի, զոհաբերութեան խորհրդանիշ է: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր անձ ունի  առաքելութիւն մը, յատկապէս` օտարութեան մէջ:

Պատարագի աւարտին, ձեռամբ սրբազան հայրերուն, կատարուեցաւ սրբապատկերներու օծում:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ` եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու խաչքարին մօտ:

Յայտնենք, որ սրբապատկերները եւ խաչքարի տեղադրումը իրականացուած են  բարերարութեամբ Մայիլեան ընտանիքին` յատկապէս` Արման Մայիլեանի:

Վրաստան

 Թարգմանչաց Տօնի Նշում

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դավթեանի, 9 հոկտեմբերին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ ձեռամբ փոխ առաջնորդ Նշան վրդ. Հմայակեանի: Իր քարոզին մէջ ան խօսեցաւ օրուան խորհուրդի մասին`  արժեւորելով Ս. Մեսրոպի, Սահակ Պարթեւի, Եղիշէի եւ անոնց աշակերտներուն ունեցած դերակատարութիւնը հայոց գիրերու ստեղծման, ազգի պահպանութեան եւ հաւատքի խորացման գործին մէջ: Հայր սուրբը նաեւ անդրադարձաւ  հայ գիրերու ստեղծման պատմական ժամանակաշրջանին` շեշտելով, որ եկեղեցին, լեզուն եւ մշակոյթը ազգի ինքնութիւնը պահպանելու գլխաւոր երաշխիքներն են, եւ  յորդորեց ներկաները տարածելու թարգմանիչ վարդապետներուն կողմէ ստեղծուած հայոց գիրերը եւ փոխանցել մեր մեսրոպատառ ոսկեղենիկ լեզուն յաջորդող սերունդներուն:

Այնուհետեւ  թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դավթեան շնորհաւորեց «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին 10-ամեակը` երախտագիտական խօսքեր ուղղելով թեմի նախկին առաջնորդ Վազգեն եպս. Միրզախանեանին եւ բարերար Սաակովներու ընտանիքին, որոնց նախաձեռնութեամբ եւ հետեւողական ջանքերով ստեղծուած էր կեդրոնը եւ կը կատարէ մայրենի կրթութեան ու ազգային մշակոյթի տարածման նուիրական առաքելութիւնը:

Նոյն օրը կատարուեցաւ նաեւ ուխտագնացութիւն: Վիրահայոց թեմի Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդութեան Նինոծմինդայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ «Ռաֆայէլ  Ջաւախ» կրթամշակութային  կեդրոնի ուխտաւորները ժամանեցին շրջան եւ առաջնորդութեամբ Արմաշ քհնյ. Պօղոսեանի` անոնք այցելեցին «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոն, Ս. Էջմիածին եկեղեցի եւ հայ գրողներու ու հասարակական գործիչներու Թիֆլիսի Խոջիվանքի պանթէոն:

Այնուհետեւ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դավթեան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` արժեւորելով տօնին նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Կեդրոնի ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեան եւ Գոհար Մազմանեան ներկայացուցին  վիրահայ մտաւորականներու եւ ստեղծագործողներու  արձակ եւ  չափածոյ գործերուն թարգմանութիւնները` հայերէն, ռուսերէն  եւ վրացերէն: Առցանց կապ հաստատուեցաւ նաեւ Երեւանի հետ, ուր գրական կապերով շաղկապուած տարբեր լեզուներու  թարգմանիչները փոխադարձաբար ներկայացուցին իրար ստեղծագործութիւններէն իրենց  թարգմանութիւնները:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ նաեւ վիրահայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս` Ախալքալաքի, Նինոծմինդայի, Ախալցխայի, Ծալկայի, Թեթրիծղարոյի, Մառնէուլի եւ Պաթումիի եկեղեցիներուն մէջ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Կեանքի Մէջ Ծայրայե՞ղ Էք, Թէ՞ Չափաւորական

Յաջորդը

Հայոց Գիրերը

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?