Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 16 եւ կիրակի, 17 հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ մինի ֆութպոլի մրցաշարք մը Էհլանի դաշտին վրայ` ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի նախկին ատենապետ Կրեկուար Գէորգեանի եւ Րաֆֆի Մանուկեանի:
Ակամայ երկար դադարէ մը ետք, ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի մասնաճիւղի վարչութիւնը այս մրցաշարքով նաեւ բացուած յայտարարեց իր նոր տարեշրջանը` խոստանալով ունենալ խճողուած յայտագիրով տարեշրջան մը, ոչ մէկ ճիգ խնայելով շրջանին մէջ իրագործելու համար տարբեր տեսակի մարզական միջոցառումներ:
Մրցաշարքի աւարտին յաղթական խումբը ստացաւ իր բաժակը եւ գնահատական մետալներ: Յատուկ յուշանուէր մըն ալ տրուեցաւ մրցաշարքի իրաւարար Վարդան Մաթոսեանին:
Մրցանակաբաշխութեան աւարտին, յատուկ յուշանուէրներ տրուեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի հանգուցեալ անդամներուն ընտանիքներուն:
ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի մասնաճիւղի վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրով մըն ալ պատուեց մասնաճիւղի մարզական խումբի նախկին մարզիչ Գէորգ Գոճաւագեանը, որ տարիներ շարունակ իր ներդրումը ունեցաւ տարբեր տեսակի մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու մէջ: