Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) թէեւ իր աւարտին հասած է Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութիւնը, սակայն տիտղոսին համար պայքարը ցարդ չէ աւարտած` նկատի ունենալով, որ երեք ճատրակ խաղացողներ` պիտի կատարեն թայ-պրէյք-ի մրցում, որպէսզի յստականայ ախոյեանին անունը:
Առաւելագոյն 11 կէտէն 6,5-ական կէտ ապահոված են ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան, Ֆապիանօ Քարուանա եւ Ուեսլի Սօ:
Նշուեցաւ, որ ախոյեանութեան օրէնքին համաձայն, նոյնքան կէտ ապահոված ճատրակ խաղացողներէն իւրաքանչիւրը կը կատարէ լրացուցիչ երկու մրցում` թայ-պրէյքով:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, Տաթեւ Աբրահամեան առաւելագոյն 11 կէտէն 6 կէտ ապահովելով բաժնեց 4-6-րդ դիրքերը: