Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը Պոսնիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին` մաս կազմելով Զ. խմբակին:
Ա. հանգրուանին գծով իր կատարած առաջին մրցումին, հայրենի կազմը, որ մրցեցաւ Պոսնիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, կրեց բաւական ծանր պարտութիւն մը` 13-0 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը, ուրբաթ, 22 հոկտեմբերին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մոնթենեկրոն: Նոյն խմբակին մէջ է նաեւ Էսթոնիա:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է` Լիանա Հայրապետեան:



