Ռուսահայ Արման Ծառուկեան 18 սեպտեմբերին մենամարտ մը պիտի կատարէ Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):
Խառն մենամարտերու «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-Ֆայթ Նայթ-192» մրցաշարքին ծիրին մէջ, հայ մարզիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ, 31 տարեկան ամերիկացի Քրիսթոֆ Կիակոս, այս մասին յայտնեց «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.-Ճանքի»-ն:
Արման Ծառուկեան «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ին մէջ արձանագրած է 16 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:
Իսկ անոր մրցակիցը` Կիակոս, արձանագրած է 19 յաղթանակ եւ կրած 8 պարտութիւն:
Նշենք, որ վերջերս Ծառուկեան ընդգրկուած էր «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի թեթեւ քաշային կարգի լաւագոյն 15 մարտիկներու ցանկին մէջ:
Հայ մարզիկը իր նախորդ մենամարտը «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-257» մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարած էր նախորդ յունուարին, ուր իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթած էր ամերիկացի Մեթ Ֆրեւոլային: