Միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ «Փարիզ-2024»-ի ողիմպիական խաղերուն համար պիտի ծախսուի 7,1 միլիառ եւրօ:
2016-ին ֆրանսական կողմը ներկայացուցած էր ողիմպիական խաղերու կազմակերպման 6,5 միլիառ եւրօ ծախսով ծրագիր, սակայն ատկէ 5 տարի ետք ծախսերը աւելցած են:
Չի բացառուիր, որ յաւելեալ հսկայական գումարներ եւս նկատի առնուին այդ ծախսերուն մէջ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն 2024-ի խաղերուն կազմակերպման համար պիտի տրամադրէ 1,2 միլիառ եւրօ:
Նախատեսուած է, որ Փարիզի խաղերը կատարուին 26 յուլիսէն 11 օգոստոս: