Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի 22 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ, Ռէալ Մատրիտ տեղափոխուելու պարագային տարեկան պիտի ստանայ 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Յառաջիկայ ամառ արքայական ակումբին առաջարկը ընդունելու համար Էմպափէ պիտի ստանայ միանգամայն 40 միլիոն եւրօ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Կողմերը պիտի կնքեն վեց տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նշենք, որ ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, պիտի աւարտի յառաջիկայ ամառ, եւ ան պիտի դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը:
1 յունուար 2022-ին կողմերը արդէն իսկ կրնան սկսիլ իրենց բանակցութիւններուն եւ իրարու հետ նախնական համաձայնութիւն կնքել:



