Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս երէկ այցելեց Փիւնիկ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, սպանացի ֆութպոլի մասնագէտը յատուկ հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Ուրարտու Երեւանի, Արարատ-Արմենիայի եւ Երեւանի բանակայիններու մարզիչներուն հետ:
Քափարոս Փիւնիկի մարզիչներուն հետ քննարկեց ֆութպոլի մարզը յուզող հարցեր: