Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ Մուսա Լեռ – Այնճար. Երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի Կեանքն Ու Գործը

August 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Գ. Ղ.

Մուսա Լեռ-Այնճարի մէջ, յաջորդաբար իններորդ տարին ըլլալով, մեծարենցեան երեկոներու մշակութային գործունէութիւնը կը շարունակուի Այնճարի «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ` հակառակ երկրին մէջ տիրող վերիվայրումներուն, ըլլան անոնք տնտեսական, քաղաքական եւ կամ ընկերային:

Այս տարուան մեր առաջին ձեռնարկը նուիրուած էր համբաւաւոր երաժիշտ-յօրինող Արամ Խաչատուրեանի կեանքին ու գործին, թուական` 4 յուլիս 2021:

Այդ օրը երեկոյեան «Հիւղը» բնակարանի բակը հաւաքուած էին քսանէ աւելի մշակութասէր այրեր ու տիկիններ : Օրուան հանդիսավարը` Զաւէն Ղարիպեան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը 44 օրերու Արցախի պատերազմին հայ 5000-է աւելի զոհուածներուն, որոնց մէջ կային նաեւ Այնճարէն մեկնած կռուողներ:

Զաւէն Ղարիպեան Արամ Խաչատուրեանի մասին հակիրճ կենսագրական նշումներ ընելէ ետք, հրաւիրեց օրուան բանախօս մուսալեռցի-այնճարցի երաժիշտ Զաքար Քէշիշեանը, որ իր խօսքը սկսաւ ձայներիզի վրայ Արամ Խաչատուրեանի յօրինած «Մասքարատ» վալսի ունկնդրութեամբ:

Զաքար Քէշիշեան իր ներածական խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արամ Խաչատուրեան 20-րդ դարու հայ մեծագոյն երաժիշտ-յօրինողն է, որ իր սեմֆոնիներով, քոնչերթոներով ու պալէներով համաշխարհային հռչակի տիրացաւ:

Սակայն ո՞վ էր ան, մինչեւ երիտասարդ տարիքին` անծանօթ մը, երաժշտութեան ասպարէզին մէջ չլսուած անուն մը:

1900-ական թուականներու սկիզբը Թիֆլիսի մէջ կը տիրէր աշուղներու շրջանը, ըլլան անոնք վրացի, հայ եւ կամ ազերի:

Արամ Խաչատուրեան ծնած է Թիֆլիս, 1903 թուականին, համեստ ընտանիքի մը մէջ: Չորս մանչ զաւակներու տէր Արամին հայրը` Եղիա Խաչատուրեան, կը զբաղէր կազմարարութեամբ: Այդ համեստ, աշխատասէր, բարի ու հմայիչ մարդը չորս որդիները կը դաստիարակէ եւ ուսման բարձր մակարդակի կը հասցնէ:

Արամ Խաչատուրեան մանկութեան հայ երգի առաջին տպաւորութիւնները կը ստանայ մօրմէն: Իրենց տան մէջ ձեռք ձգուած մաշած դաշնամուրին վրայ Արամ երաժշտութեան առաջին քայլերը կ՛առնէ: Նախակրթարանի մէջ կազմուած նուագախումբին թմբկահարն ու փող նուագողն էր:

Պատանեկան տարիներուն դպրոցին մէջ Արամ կը հետեւի առեւտրական ճիւղին, թէեւ ան իր ընտրած ճիւղը չէր: 1917-ի յեղափոխութիւնը ցարական կայսրութիւնը կը տապալէ եւ քանի մը տարիներու ընթացքին կը հաստատուի խորհրդային իշխանութիւն:

Արամին կեանքը նոր ընթացք կ՛առնէ: 1921-ի աշնան երէց եղբօր` Սուրէնին հրաւէրով կը մեկնի Մոսկուա. հոն իրեն համար երաժշտութեան նոր աշխարհ մը կը բացուի: Երաժշտական թեքնիք դպրոցներուն մէջ ան կը ծանօթանայ մեծ երաժիշտներու գործերուն` Պախի, Պեթհովէնի, Մոցարթի, Չայքովսքիի, Ռիմսքի Քորսաքովի, ինչպէս նաեւ հայ երաժիշտներու` Կոմիտասի, Եկմալեանի, Կարա Մուրզայի: Ան Կոմիտասը կը համարէ իր ուսուցիչը:

1929 թուականի աշնան մուտք կը գործէ Մոսկուայի պետական երաժշտանոց, ուր կը հետեւի երաժշտութեան յօրինումի ճիւղին: Արամ բացառիկ նիշերով 1934-ին կ՛աւարտէ երաժշտանոցը, որպէս վկայականի թեզ` ան կը ներկայացնէ իր առաջին սեմֆոնին, որ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ երաժշտութեան իր ուսուցիչներուն կողմէ:

Ան արդէն 30 տարեկան, հաստատ քայլելով դէպի ապագայ նայող երաժիշտ մըն էր: 1933-ին ան կ՛ամուսնանայ երաժշտանոցի ընկերուհիներէն Նինա Մակարովայի հետ:

Կարճ ժամանակի ընթացքին Արամ կը սկսի երաժշտութեան մէջ իր գլուխ գործոցները արտադրել:

1936 – Դաշնակի եւ նուագախումբի քոնչերթոն,

1939 – «Երջանկութիւն» հայկական առաջին պալէն,

1940 – Ջութակի եւ նուագախումբի քոնչերթոն, որ կը նուագէ համբաւաւոր ջութակահար Տէյվիտ Օյսթրախը,

1943 – «Գայեանէ» պալէն. Խորհրդային Միութիւնը համաշխարհային Բ. պատերազմի մէջ է, ճակատի վրայ կռուող զինուորներու եւ թիկունքին վրայ աշխատող մարդոց համար «Գայեանէ» պալէն մեծագոյն ոգեւորիչ երաժշտութիւնն էր,

1943 – «Զանգով» սեմֆոնին,

1946 – Թաւ ջութակի եւ նուագախումբի քոնչերթոն,

1954 – «Սպարտակ» պալէն, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը շահի եւ համաշխարհային ճանաչում կ՛ունենայ: 1959-ին ան կ՛արժանանայ Լենինի մրցանակին:

Արամ Խաչատուրեան, զանազան տեսակի երաժշտական գործեր արտադրելու կողքին, տասնեակ մը ժապաւէններու երաժշտութիւնը յօրինած է, ներառեալ` «Պէպօ»-ի եւ «Զանգեզուր»-ի: Ան յաճախ հայկական մեղեդիներ օգտագործած է իր  սեմֆոնիք գործերու եւ քոնչերթոներու յօրինումի ընթացքին:

Յիսունական թուականներուն Խորհրդային Միութեան մէջ երաժշտութեան գագաթնակէտի կը հասնին Փրոքոֆիեւ, Շոսթաքովիչ, Խաչատուրեան եռեակը:

Արամ Խաչատուրեան իր կեանքի ընթացքին աշխարհի չորս ցամաքամասեր կը շրջի`  նուագահանդէսներ կազմակերպելով: Կը մահանայ 1978-ին եւ կը թաղուի Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

Զաքար Քէշիշեանի խօսքի աւարտին հանդիսավարը ներկաներուն կողմէն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Զաքարին` Արամ Խաչատուրեանի մասին այնքան օգտաշատ ու մանրամասն գիտելիքներ փոխանցելուն համար:

Ապա տեղի ունեցաւ զրոյց եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Վահէ Տուտագլեան` Համեստ, Ստեղծագործ Եւ Իսկական Հայը

Յաջորդը

Եթէ Զաքար Քեշիշեանն Արցախում Է, Ուրեմն Բոլորս Ուրախ Ենք, Հաւատքով Ու Յոյսով Լցուած

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.