Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին եւս յաղթականը եղաւ Պէյրութ, որ 65-46 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ռիատի Պէյրութին:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 12-13, 18-13, 21-10 եւ 14-10:
Պէյրութէն 20 կէտ նշանակեց Ռեպեքքա Աքըլ, մինչ անոր խմբակից Նաթալի Սվաճեան նշանակեց 12 կէտ:
Ռիատիէն Նայլա Ալամէտտին-Ժարուտի նշանակեց 11 կէտ:
Երրորդ մրցումին յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Պէյրութ պիտի հռչակուի Լիբանանի ախոյեան: