Երէկ` չորեքշաբթի, 14 յուլիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն իրարու դէմ պիտի մրցին հետեւեալ զոյգերը.
Ուրարտու-Նորավանք, Սեւան-Վան, Արարատ-Նոա, Ալաշկերտ-Արարատ Արմենիա եւ Երեւանի բանակայիններ-Փիւնիկ Երեւան:
Սկիզբը նշուած խումբերը պիտի ըլլան հիւրընկալ կազմերը:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նոր տարեշրջանի մեկնարկին թուականը եւ բոլոր մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը պիտի հրապարակուին աւելի ուշ:



